Սիմոն Մարտիրոսեան Կը Հաւակնի 2019 Թուականի Աշխարհի Լաւագոյն Ծանրորդի Կոչումին․ Քուէարկենք

Այլեւայլ, Հայաստան

Ծանրամարտի միջազգային ֆետերասիոնը 2019 թուականի լաւագոյն ծանրորդը եւ ծանրորդուհին որոշելու համար պաշտօնական կայքին մէջ քուէարկութիւն կ՛իրականացնէ:

Յաւակնորդներուն մէջ է նաեւ Հայաստանի հաւաքականի ծանրորդ Սիմոն Մարտիրոսեան, որ 2019-ին դարձած է Եւրոպայի ու աշխարհի ախոյեան: Վերջերս ալ յայտնի դարձած է, որ 22-ամեայ հայ ծանրորդին «Ռիօ-2016»-ի ողիմպիական արծաթը կը փոխարինուի ոսկիով:

Քուէարկութիւնը պիտի աւարտի Փետրուար 10-ին:

Սիմոն Մարտիրոսեանի օգտին կրնաք քուէարկել այստեղ: