ՀՀ Նախագահը Բարձրացուցած է Իսրայէլի Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցով Իսրայէլի Պետութիւն գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան այցելած են Իսրայէլի խորհրդարան, ուր անոնց հիւրընկալած են խորհրդարանի նախագահ Եուլի Էտըլշթէյնը եւ տիկին Իրինա Նեւզլինը: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով Հայաստանի նախագահը` Խորհրդարանի նախագահը, մասնաւորապէս, նշած է․ «Մեզի համար մեծ պատիւ է ձեզ ընդունիլ մեր երկրին մէջ: Ուրախ ենք ձեր այցելութեան համար` նոյնիսկ եթէ անիկա տեղի կ՝ունենայ ոչ այդքան ուրախ իրադարձութեան մը ծիրէն ներս»: Եուլի Էտըլշթէյն վստահութիւն յայտնած է, որ նախագահ Սարգսեանի այցը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի որոշումը կարեւոր անկիւնաքար պիտի ըլլան երկկողմ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման համար: «Կը կարծեմ, որ այս այցը շատ դրական փոփոխութիւն պիտի բերէ մեր յարաբերութիւններուն մէջ: Մեր գործակցութեան ներուժը շատ աւելին է, քան մենք ներկայիս կ՝օգտագործենք»,- ըսած է Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահը:

Նախագահ Սարգսեան, իր հերթին, նշած է, որ եղած է Իսրայէլի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման ակունքներուն մէջ: «Անկեղծ ըսեմ, տարիներ շարունակ կ՝ուզէի վերադառնալ Իսրայէլ, քանի որ յիշողութիւններ ունիմ այս երկրի հետ կապուած»,- ըսած է Հայաստանի նախագահը` կարեւոր համարելով Իսրայէլի փորձը տարբեր, ինչպէս` բարձր ճարտարարուեստներու, նորարարութիւններու ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ փորձի փոխանակումը:

Անդրադառնալով պատմութեան նման էջերուն` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ երկու ժողովուրդներու ճակատագրերու նմանութիւնները տպաւորիչ են, եւ անոնք կը յուշեն, որ պէտք է մտածել ապագայի մասին․ «Կրնանք համատեղ ստեղծել այդ ապագան ե՛ւ իբրեւ երկու պետութիւն, ե՛ւ իբրեւ երկու ժողովուրդ: Հայաստանը փոքր երկիր է, բայց համաշխարհային ազգ, նոյնն է նաեւ Իսրայէլը: Ես այստեղ եմ նաեւ համագործակցութեան ոլորտներու նախանշման համար: Հայաստանը կարեւոր կը համարէ շատ ոլորտներու զարգացումը` կրթութիւն, գիտութիւն, անվտանգութիւն, գիւղատնտեսութիւն, նորագոյն ճարտարագիտութիւններ: Ես, իբրեւ նախագահ, նախաձեռնութիւն ունիմ Հայաստանը դարձնելու նոր ճարտարագիտական հանգոյց, քանի որ մենք ունինք շարք մը առաւելութիւններ ատիկա ընելու համար: Մեր երկրին մէջ կան բարձրակարգ բնագէտներ, մաթեմաթիքոսներ, ծրագրաւորման ոլորտէն ներս ունինք լաւ կրթական ծրագիրներ»:

Նշելով, որ պատմութեան շատ էջեր ողբերգական են հայ եւ հրէայ ժողովուրդի համար` նախագահ Սարգսեան ըսած է, որ պէտք է համատեղել ջանքերը, որպէսզի նման մարդկային աղէտներ այլեւս երբեք չըլլան եւ երբեւէ չկրկնուին: Հայաստանի նախագահը բարձրացուցած է Իսրայէլի խորհրդարանին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը` ընդգծելով, որ պատմութեան այս ամօթալի էջին ճանաչումն ու դատապարտումը պէտք չէ պայմանաւորուած ըլլայ այսօրուան քաղաքական շահերով ու իրողութիւններով: «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին հերթին բարոյական պատասխանատւութիւն է եւ յարգանքի տուրք անմեղ զոհերու յիշատակին, միաժամանակ կարեւոր ներդրում է ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային ջանքերուն մէջ»,- շեշտած է Հայաստանի նախագահը:

Այցին աւարտին Հայաստանի նախագահը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ: Այնուհետեւ նախագահ Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան շրջայց կատարած են խորհրդարանի շէնքին մէջ: