Նախագահ Արմէն Սարգսեան Մասնակցեցաւ Տաւոսի Համաշխարհային Տնտեսական Համաժողովի Բացումին

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքին մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման, որ այս տարի տեղի ունեցաւ «Շահագրգիռ կողմերը` յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրով:

Իր գործունէութեան 50 տարիներուն Տաւոսի տարեկան հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններու, կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ ու հեղինակաւոր փորձագէտներ` քննարկելու համաշխարհային, շրջանային եւ արդիւնաբերական օրակարգեր, լուծումներ առաջարկելու առկայ խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Ֆորումին այս տարի կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկիրներէ շուրջ 700 բանախօսներ եւ աւելի քան 3000 մասնակիցներ: Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի 2020 թուականի հանդիպումը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի հիմնադիր եւ նախագահ փրոֆ. Քլաուս Շուապ:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան իբրեւ բանախօս մասնակցեցաւ նաեւ «Հաւասարակշռելով ներքին եւ համաշխարհային անհաւասարութիւնը» նիւթով քննարկման, նաեւ ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տաւոսի համաժողովի ծիրին մէջ գումարուող 26-րդ տարեկան «Քրիսթըլ Ըուորտ» մրցանակաբաշխութեան: Տաւոսի ֆորումի 50-րդ տարեկան հանդիպման բացման առիթով կազմակերպուած համերգին միասնութեան եւ ուրախութեան միջազգային կոչով հանդէս եկաւ Եւրոպական Միութեան պատանեկան նուագախումբը` Սան Փաուլոյի սիմֆոնիք նուագախումբին, երգչախումբին եւ մենակատարներուն մասնակցութեամբ: