Արցախ Այցելած Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Աճած է 46.7%-ով. Նախարար

Այլեւայլ, Հայաստան

2019 Յունուար-Դեկտեմբեր ամիսներուն ԱՀ այցելած է 41,963 օտարերկրեայ զբօսաշրջիկ` նախորդ տարուան 28,588-ի փոխարէն. Արձանագրուած է 46.7% աճ:

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, այսօր կայացած ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մամուլի ասուլիսին ընթացքին ըսած է նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան:

Ներկայացնելով զբօսաշրջիկներուն քանակը ըստ երկիրներու` նախարարը նշած է, որ Ռուսիոյ Դաշնութենէն Արցախ ժամանած է 19,160 քաղաքացի, ԱՄՆ-էն`  7527, Ֆրանսայէն` 1661, Գերմանիայէն` 765, Լիբանանէն` 699, Լեհաստանէն` 685, Չինաստանէն`  671, Արժանթինէն` 594, Գանատայէն` 575, Սուրիայէն` 568: