Տիկին Նունէ Սարգսեանի Հանդիպումը Քուէյթի Հայ Համայնքի հետ (լուսանկարներ-տեսանիւթ)

Հայաստան, Սփիւռք

Ընդառաջելով Քուէյթի Շէյխա Հասսա Սապահի հրաւէրին‚ 16-20 Յունուար 2020ին‚ Հ Հ Նախագահի Տիկինը՝ Տիկին Նունէ Սարգիսեան‚ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Քուէյթ։

Պետական եւ դիւանագիտական շարք մը հանդիպումներու կողքին‚ Ուրբաթ 17 Յունուար 2020ին‚ Տիկին Սարգիսեան նաեւ հանդիպեցաւ Քուէյթահայ համայնքին հետ։
Ազնուափայլ Տիկին Սարգիսեան նախ այցելեց Քուէյթի Ազգային Վարժարան‚ որմէ ետք ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի։

Եկեղեցւոյ մուտքին‚ Տիկին Սարգիսեանն ու իրեն ընկերակցող ՀՀ դեսպանատան դիւանագիտական ներկայացուցիչները, դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբին‚ Ազգային Վարչութեան‚ Երեսփոխաններուն‚ եկեղեցւոյ Թաղականութեան եւ Տիկնանց Յանձնախումբին կողմէ‚ ուր աղ ու հացի ճաշակումէն ետք, եկեղեցւոյ սուրբ խորանին առջեւ հնչեց «Տէրունական Աղօթք»ը։ Ապա պատուոյ հիւրը եկեղեցական թափօրով բարձրացաւ Ազգային Առաջնորդարան‚ ուր եկեղեցւոյ դպրաց դասն ու ներկայ ժողովուրդը միասնաբար երգեցին Հայաստանի քայլերգն ու «Կիլիկիա» մաղթերգը։

Այս առթիւ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան իր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց ըսելով.- «Ուրախութիւնն ու հոգեկան բաւարարութիւնը ունինք Ձեզ հիւրընկալալեու Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս եւ բարի գալուստ մաղթելու Ձեզի‚ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին‚ Քուէյթի հայ գաղութին‚ Ազգ. Իշխանութեան եւ միութիւններուն անունով։ Այսօր դուք այցելեցիք Քուէյթի գաղութի երկու հիմնասիւները՝ Ազգային Վարժարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին։ Այս երկու կառոյցներուն շնորհիւ մեր գաղութը անցնող աւելի քան 70 տարիներու ընթացքին, հայապահպանման եւ հայակերտման աշխատանք կը տանէ‚ որոնց շնորհիւ քուէյթահայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր ազգային արժէքներուն եւ սկզբունքներուն։ Այսօր կարելի է բարձրաձայնել‚ որ իւրաքանչիւր քուէյթահայ՝ իր հայրենիքի դեսպանն է Քուէյթէն ներս, եւ այս իրողութենէն մեկնած, դիւանագիտական Ձեր այցելութիւններու ընթացքին պիտի նկատէք, որ Հայաստանն ու Հայութիւնը արդէն բոլորին ծանօթ են‚ շնորհիւ Քուէյթի մեր հայութեան կերտած բարի վարքին։ Եւ մենք այսօ´ր‚ անգամ մը եւս կը խոստանանք որ մեր ամէն կարելիութիւնները ի սպաս պիտի դնենք‚ յանուն մեր ազգի ու հայրենքի առաւել հզօրացման ու բարգաւաճման»։

Ապա Հոգշ. Հայր Սուրբը կենդանի օրինակներով մատնանշումներ կատարեց‚ Հայաստանի նկատմամբ Քուէյթահայութեան ունեցած կապուածութեան շուրջ‚ որ մեծագոյն գրաւականն է‚ օտար ափերու վրայ հա՛յօրէն ապրելու եւ գոյատեւելու։
Այնուամենայնիւ Տիկին Սարգիսեանին յուշանուէր մը փոխանցուեցաւ Քուէյթի համայնքին կողմէ։

Հանդիպումը վերջ գտաւ Տիկին Սարգիսեանի սրտի խօսքով‚ ուր ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթահայութեան, այս սիրալիր ընդունելութեան համար ապա աւելցուց ըսելով.- «Ձեզի ջերմ ողջոյններ բերած եմ ՀՀ Նախագահին‚ ժողովուրդին եւ երկրին կողմէ։ Մենք կ’ողջունեք եւ բարձր կը գնահատենք սփռիւքի այս տարածքին մէջ, ձեր կատարած մեծ աշխատանքին համար‚ յանուն հայեցի դաստիարակութեան»։ Ապա անդրադառնալով սփիւռքահայ եւ հայաստանաբնակ հայու տարբերութեան տեսութեան‚ ան կտրականապէս մերժեց նշեալ գաղափարը ըսելով.- «Ինծի համար հայը հա´յ է‚ ըլլայ ան սփիւռքի‚ Արացախի կամ Հայաստանի մէջ։ Մենք հա´յ ենք մեր ազգային կէներով‚ վկայ Ձեր գաղութի տաքուկ մթնոլորտն ու տարուած ազգանուէր ծառայութիւնները‚ յանուն հայապահպանութեան ու գոյատեւման»։

Հուսկ‚ անդրադառնալով իր այցելութեան հիմնական առաքելութեան‚ Տիկին Նունէ ըսաւ.-«Այսօր ես Քուէյթ կը գտնուիմ Շէյխա Հասսա Սապահի պաշտօնական հրաւէրով‚ ուր կը ծրագրուի մշակութային սերտ յարաբերութիւններ մշակել։ Յոյսո՛վ ենք‚ որ այս միջոցաւ երկու երկիրներու կապերը աւելի կ’ամրապնդուին ու կը զարգանան»։

Հաւաքական գեղեցիկ լուսանկարէ մը ետք‚ ազնուական Տիկին Սարգիսեանը հրաժեշտ տուաւ Քուէյթահայութեան‚ մօտիկ ապագային անգամ մը եւս հանդիպելու խոստումով։