Հայ-ատրպէյճանական Սահմանին Վրայ Զինծառայող Մը Վիրաւորուած է

Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդի կրակոցէն զինծառայող մը վիրաւորուած է: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

«Յունուար 15-ին, ժամը 16.30-ի սահմաններուն, ՀՀ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ, ըստ նախնական տուեալներու, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն, վիրաւորուած է պայմանագրային զինծառայող, շարքային Արթուր Հրաչիկի Մեժլումեանը (Տաւուշի ԶԿ): Զինծառայողը տեղափոխուած է Երեւանի ԿԿԶՀ, առողջական վիճակը կը գնահատուի ծանր: Կը կատարուի քննութիւն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: