Եզակի Պատմական Լուսանկար` Առաջին Հանրապետութեան Օրերէն

Այլեւայլ

vstrokax.net-ը հրապարակած է պատմական լուսանկար մը Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան տարեգրութենէն: Լուսանկարին մէջ պատկերուած է Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը, որ այցելած է Միացեալ Նահանգներ 1919 թուականին:

 Լուսանկարին մէջ կան` ներքեւի շարքը, ձախէն աջ յաջորդականութեամբ, առաջին Հանրապետութեան ելեւմուտքի նախարար Արտաշէս Էնֆիաջեանը, զօրավար, իսկ յետոյ` Մեծ Բրիտանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Յակոբ Բագրատունին, վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին, զօրավար Անդրանիկ Օզանեանը, Խորհրդարանի անդամ, փրոֆէսոր Աբրահամ Տէր Յակոբեանը: Վերի շարքը, կրկին ձախէն աջ հերթականութեամբ՝ Յարութիւն Փիրալեանն է, պատուիրակութեան` գիւղատնտեսական հարցերով մասնագէտ Միքայէլ Տէր Պողոսեանը, կապիտան Սուրէն Մելիքեանը, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Գարօ Փաստրմաճեանը, ռազմական պատուիրակութեան ղեկավար, գնդապետ Հայկ Բոնապարտեանը:

“Հրապարակ”