Դասախօս Եւ Գրող Ազատ Եղիազարեանի Լեզուի Մասին Բանիմաց Հայու Խօսքը

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հայաստանեան մամուլին մէջ լոյս տեսաւ Ազատ Եղիազարեանի լեզուի մասին յօդուածը: Լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի լրատուամիջոցները, մանաւանդ` հեռատեսիլը, լայնօրէն անդրադառնային արծարծուած հարցերուն եւ դատումներուն: Յօդուածը նկատի ունի Հայաստանի կացութիւնը, բայց Սփիւռք(ներ)ը եւս, եթէ իմաստուն ընթերցում կատարէ, լսելիք եւ սորվելիք կ՛ունենայ, առաջին հերթին` արտատպելով եւ տարածելով այս յօդուածը, քննադատութիւնը չարակամութիւն չհամարելով:

Առանձնացնենք կարգ մը միտքեր եւ քննադատութիւններ:

«Արդէն երեսուն տարի է` մենք խնդիրներ ունենք հայոց լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդման հարցում: Ովքեր առիթ են ունենում շփուելու մեր դպրոցների շրջանաւարտների հետ, չեն կարող չտեսնել, թէ ինչքան վատ են սովորեցնում հայոց լեզուն դպրոցում, եւ ինչքան վատ գիտեն հայ գրականութիւնը դպրոցների եւ տարբեր քոլեճների շրջանաւարտները: Կան լաւ ուսուցիչներ, որոնք կարողանում են սէր առաջացնել հայոց լեզուի եւ գրականութեան նկատմամբ: Բայց ընդհանուր պատկերը տխուր է»:

Այս ախտաճանաչումը ինչո՞ւ ցարդ չկատարուեցաւ Հայաստանի մէջ: Ինչո՞ւ կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնները այս չեն ըրած եւ չեն ըներ: Նաեւ այս հարցումին պէտք է պատասխանել: Վերանկախացումէն ետք գործնապաշտութիւնը, արագ հարստացումը, գաղթելու ցանկութիւնը, որոնք կը բացատրուին յաջողելու եւ արդիականանալու տենչով, արեւմտեան բարքերը եւ լեզուներ սորվիլ դարձուցին նպատակ, հայերէնը հին եւ անգործնական համարուեցաւ: Վերանկախացման առաջին տարիներուն, երիտասարդ ուսանողուհիի խօսքը դեռ մինչեւ այսօր կը զնգայ ականջիս մէջ: Ըսաւ. իմ ինչի՞ս է պէտք հայերէնը: Այս մտայնութիւնը համաճարակի պէս տարածուեցաւ ժողովուրդին մէջ, առօրեայի, առեւտուրի, թերթերու եւ հեռատեսիլի լեզուն ողողեց: Օր մը կարելի պիտի ըլլա՞յ ճշդել, թէ քանի հարիւր կամ հազար օտար բառեր տուն-տեղ եղած են հայերէնի մէջ` խանութներու ցուցանակներէն, մինչեւ թերթերը, հեռատեսիլը, քաղաքական բառապաշարը: Օտար բառերու գործածութիւնը կարծէք ցուցանիշ է զարգացած եւ բանգէտ ըլլալու: Այդ ներածուած բառերը ռուսերէն էին խորհրդային շրջանին, հիմա` ամերիկերէն են: Համոզուելու համար թափառեցէ՛ք Երեւանի, նաեւ այլ քաղաքներու փողոցներուն մէջ: Յաճախ աշակերտը չէ, որ կ՛արհամարհէ հայերէնը եւ հայ գրականութիւնը, այլ հայր եւ մայր, աւելի լաւ ապագայի մը համար, կը մղեն մանուկը` եւ պատանին անկարեւոր համարելու հայերէնը եւ հայ գրականութիւնը: Երեւոյթը ծանօթ էր սփիւռք(ներ)ի պարագային: Բայց անկախութեան երեսուն տարիներուն Հայաստանի մէջ թափ առաւ հայերէնը եւ հայ գրականութիւնը երկրորդական համարելու մտայնութիւնը:

Ազատ Եղիազարեան կ՛ըսէ. «Բայց ընդհանուր պատկերը տխուր է»: Եւ առանց հաճոյակատարութեան տուրք տալու, կը շարունակէ.

«Ես տասը տարի ղեկավարել եմ Երեւանի լաւագոյն բուհերից մէկի հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան ամպիոնը: Դասերի ժամանակ ամպիոնի դասախօսները ուղղագրութեան կանոններ էին սովորեցնում, շարահիւսութիւն եւ այլն, այսինքն` բաներ, որոնք դպրոցում արդէն պէտք էր սովորած լինէին: Իմ դիտողութիւնները բախւում էին իրականութեանը` տասներկու տարի դպրոցում սովորած ուսանողները ամենապարզ տեքստերը գրումէին մեծաթիւ սխալներով»:

Ինչ որ Ազատ Եղիազարեան տեսած է, հաւանօրէն շատեր ալ նկատած ըլլալու են: Բայց ինչո՞ւ ակադեմական շրջանակներէն մինչեւ դպրոցներու տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, նորարար նախարարներ չեն հակազդած: Տարիներ առաջ այս մասին խօսած եմ կրթական նախարարի մը հետ եւ` ըսած, որ իր պարտականութիւնն է լեզուի զտման մասին օրէնք պատրաստել:Ան պատասխանած էր, որ Ազգային ժողովին մէջ ալ այդպէս կը խօսին, եւ նման օրէնք անկարելի է ընդունիլ տալ: Ուրեմն, լեզուի պաշտպանութիւնը խափանուած է գործնապաշտ ծնողներու հայերէնի հանդէպ վերաբերումին պատճառով եւ վերնախաւին մէջ հայերէնի չտիրապետելու եւ անոր կարեւորութեան չհաւատալու արմատացած սովորութեամբ: Եւ հայերէնի դիմազեղծումը տարածուած է ժողովուրդին մէջ, ինչպէս կ՛ըսուի, ծնունդ տալով ժարգոնի, եւ վերնախաւի մէջ բանգէտ երեւնալու համար օտար բառերու կուտակումին: Մամուլն ալ հետեւած է:

Որեւէ բարեկարգում կամ օրէնք մշակելէ առաջ կը կատարուին ուսումնասիրութիւններ` հասկնալու համար կացութիւնը, օրէնքի գործադրութեան եւ յաջողութեան պայմաններու առկայութիւնը: Այս մասին կը խօսի Ազատ Եղիազարեան.

«Բայց նախեւառաջ պէտք էր ուսումնասիրել եւ հասկանալ, թէ ի՛նչ վիճակ է դպրոցներում հայոց լեզուի ուսումնասիրութեան բնագաւառում, ուղիներ մտածել դրա մակարդակը բարձրացնելու համար: Ի վերջոյ, ցանկացած դպրոցի հիմքը մայրենի լեզուի (եւ գրականութեան) ուսուցումն է, որովհետեւ առանց դրա կրթել երեխաներին` հնարաւոր չէ»:

Հայերէնի ուսուցումը պէտք է հպատակի ազգային-քաղաքական յստակ առաջադրանքի. ինչո՞ւ հայերէն եւ հայ գրականութիւն պիտի սորվի հայ տղան: Այս հարցման պատասխանին պէտք է գիտակցին ծնողքը եւ ղեկավարութիւնները: Իսկ մտաւորականութիւնը, ինք, առաջին հերթին, պիտի գտնուէր պատնէշին վրայ: Այս մասին խօսողներ եղած են, հիմնաւորումներով, երբ ըսուած է, թէ համալսարան մուտքի քննութիւններուն ամէնէն գէշ գնահատականները կը վերաբերէին մայրենիին: Պէտք է զարմանալ, ուրիշ բառ դժուար է գտնել կացութիւնը պատկերացնելու եւ բացատրելու համար: Ինչո՞ւ մտաւորականութեան եւ գիտնականի պակաս չունեցող Հայաստանը երեսուն տարի չէ հակազդած: Եւ քանի որ նորոյթ է խօսիլ յեղափոխութեան մասին, այսօ՛ր, ազգային հարազատ ղեկավարութիւնը, ոչ միայն պետական, ոչ միայն Հայաստանի, հայերէնի պաշտպանութեան եւ ուսուցման արմատական եւ հզօր որոշումներով եւ անոնց անսեթեւեթ գործադրութեան քաղաքականութեամբ, հրապարակ պիտի գայ, կու գա՞յ, կրթական համակարգի բոլոր մակարդակներուն, մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարան, ոչ միայն լեզուի եւ պատմութեան:

Ազատ Եղիազարեանի նկատողութիւնը ճիշդ է եւ արդար, երբ կ՛ըսէ.

«Երկրորդ` բուհում հայոց լեզուի ուսուցումը պէտք չէ լինի դպրոցական դասընթացի համառօտ կրկնութիւնը: Դա իսկապէս անիմաստ է: Բայց եթէ բուհին առաջարկւում է հայոց լեզուի մի նոր մակարդակ, որն իսկապէս խորացնի մայրենի լեզուի իմացութիւնը, սովորեցնի գրաւոր եւ բանաւոր արտայայտուել հասարակական կեանքի, սոցիալական խնդիրների, մասնագիտութեան, մշակութային եւ այլ բազմազան հարցերի շուրջ, ապա այդպիսի առարկաներ եւ ի տեղին կը լինի Հայաստանի բուհերի ծրագրում, ի հարկէ, չմոռանալով, որը բուհը մասնագիտութիւն սովորեցնելու եւ ոչ թէ մարդու կուլտուրան բարձրացնելու համար է»:

Բաղդատութեան փակագիծ մը բանանք: Անգլիացի, ամերիկացի, ֆրանսացի մեծ գիտնականներ տիրապետած նաեւ իրենց լեզուին, գրած են գիրքեր, իրենց մասնագիտութիւնը վերածած են իմաստութեան, փիլիսոփայութեան: Ի վերջոյ մասնագէտը մարդ է, տեսիլք ունի, շարունակութիւն է: Այսինքն լեզուին պէտք է տիրապետել համալսարան հասնելէ առաջ, համալսարանի եւ ապա կեանքի մէջ, գիտութիւնը տանիլ ճառագայթումի, մարդկայնացման, իմաստութեան, որ ընդհանուր առումով գրականութիւն է: 20-րդ դարու մեծ գիտնականներէն Ժան Ռոսթան` ֆրանսական ակադեմիայի անդամ,  գրող էր, բարոյագէտ, կենսաբան, գիտութիւններու պատմաբան: Ուրիշ մը` Միշէլ Ֆուքօ, հոգեբան էր, հոգեվերլուծող, գրող, քաղաքական տեսաբան, դասախօս, հեղինակ: Ուսանողը` համալսարանի մէջ լեզուին պէտք է տիրապետէ, որպէսզի ճիշդ իմանայ, ճիշդ հասկնայ եւ իր միտքերը ճիշդ բանաձեւէ: Ազատ Եղիազարեան երբ կ՛ըսէ, որ համալսարանի մէջ ուսանողը ուղղագրական եւ շարահիւսական կոպիտ սխալներ կ՛ընէ, եւ ուսուցիչը կը միջամտէ, կը նշանակէ, որ համակարգին մէջ որդ ինկած է, ինչպէս մեր գործածած համակարգիչներուն համար կ՛ըսենք` վիրուս կամ վայրըս մտած է: Եթէ վարժուէինք քիչ մը աւելի հպարտ ըլլալ եւ ըսել` ժահր ինկած է…

Ազատ Եղիազարեան կը հարցնէ.

Ես չեմ յիշում, «ԿԳՄՍ նախարարութիւնը խորհրդակցե՞լ է ուսուցիչների, դասախօսների, լեզուաբանների, գրողների հետ, քննարկուե՞լ են լեզուի դասաւանդման եւ ընդհանրապէս հայոց լեզուի զարգացման խնդիրները»:

Այս հարցումը կը խտացնէ ստեղծուած տագնապը: Արդարեւ, բարեկարգում եւ օրէնք կը յաջողին, եթէ քննուին տեսակէտներ, բիւրեղանան: Երբ օրէնք կը մշակուի, եւ փորձ կ՛ըլլայ զայն պարտադրելու, բնական է, որ հակազդեցութիւններ ստեղծուին: Օրէնքը պէտք է ըլլայ բիւրեղացած համախոհութեան եզրակացութիւնը: Ազատ Եղիազարեան գիտէ, որ այդ խորհրդակցութիւնները չեն եղած:

Լեզուի հարցը չի սահմանափակուիր կրթական համակարգի բոլոր ոլորտներուն մէջ: Եւ կու գայ հիմնական ախտորոշումը լեզուի նահանջի մասին: Ինչ որ կ՛ըսէ, պէտք է բազմապատկել օրինակներով, ի հարկին` յատուկ անուններով: Խօսքը այնքա՜ն դիպուկ է: Կ՛ըսէ.

«Դուք առիթ չէ՞ք ունեցել մտածելու, թէ այս ինչ համաճարակէ տարածուել քաղաքական գործիչների եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաների խօսքում` է՛լ «ֆիքսելու ֆիքսուել» (հաստատագրել-Խմբ.), է՛լ «մանիպուլացնելու մանիպուլացուել» (շահագործում-Խմբ.) եւ այլն, եւ այլն: Էլ չեմ խօսում օժանդակ բայի տարօրինակ օգտագործման մասին` է – ի փոխարէն` ա (գրումա), դարձեալ պաշտօնեաների եւ պատգամաւորների կողմից եւ այլն: Ես լեզուական մաքրամոլ չեմ, եւ ամէն ինչ թարգմանելու ձգտումը նոյնքան վնասակար է լեզուի համար, ինչքան` օտար բառերի, ժարգոնային ձեւերի անհարկի օգտագործումը»:

«Բարձրաստիճաններ»-ու հետեւութեամբ, մամուլ եւ հեռատեսիլ նոյն «պազար»-ը կը սարքեն, ժողովուրդն ալ կը կապկէ: Իրապաշտութեան գլխարկին տակ գրականութիւնն ալ կը հետեւի: Փորձեր կան թխածոյ-ներածուած բառերը համապատասխան հայերէններով փոխարինելու, բայց ախտը այնքան արմատացած է, որ թելադրութիւն եւ կոչ լսող չկայ: Կացութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ այն պատճառով, որ մասնագիտացած ղեկավարներ օտար համալսարաններէ կու գան, կու գան որպէս մարգարէ, կ՛արհամարհեն հայերէնը եւ ազգայինը, պետութեան եւ ազգին կը վերաբերին որպէս խնդիր, որուն համար պէտք է գործադրեն այն, ինչ որ սորված են, ինչ որ կը կատարուի այլ երկինքներու տակ, առանց նկատի առնելու սեփական ինքնութիւնը, ինքնուրոյնութիւնը, իւրայատկութիւնը եւ բարդութիւնը: Առանց հայերէնի մասնագիտացումը խորթացում է, ունակ մասնագէտ կը պատրաստէ աշխարհի որեւէ տեղ գործելու համար, կը նշանակէ երկիրը դատարկել իր իմացական ներուժէն: Կրնա՞յ պատահիլ, որ օր մը հասնինք հոն, ուր Ազգային ժողովին մէջ բնական համարուի անգլերէն, ռուսերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն կամ… թրքերէն խօսիլ:

Գիտակցութեան եւ յարգանքի խնդիր կայ: Միջազգային կեանքի մէջ երեւոյթներ կան, որոնք օրինակ կրնան ըլլալ, առնուազն` մտածելու մղելու: Ֆրանսերէնի բառապաշարին մէջ պատահեցաւ պզտիկ-մեծ երեւոյթ մը: Համակարգիչի եւ համացանցի գործածութեան զուգահեռ, ընդհանրացաւ կարգ մը եզրերու գործածութիւնը, ինչպէս «ի-մէյլ»-ը (e-mail): Համաշխարհայացման-ամերիկայնացման թոհուբոհին մէջ «ի-մէյլ»-ը որդեգրուեցաւ Ֆրանսայի մէջ: Բայց ինքնութեան պաշտպանութեան հարց ունեցող Քեպեքի (Քանատա) ֆրանսացիները մերժեցին «ի-մէյլ»-ը եւ որդեգրեցին զայն փոխարինող իրենց ստեղծած ֆրանսերէն տարբերակը, ըսին եւ գրեցին` «քուրրիէլ», courriel, ելեկտրոնային նամակ: Եւ Ֆրանսան հետեւեցաւ Քեպեքի ինքնապաշտպանութեան գիտակցութեամբ եւ հպարտութեամբ առաջնորդուող հեռուի ֆրանսացիներուն: Հայկական ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), Քեպեքի ֆրանսացիներու ինքնապաշտպանութեան գիտակից հպարտութիւնը ինչո՞ւ օրինակ պիտի չըլլայ:

Յաճախ ըսած եմ, որ հեռատեսիլը մեր տուներուն մնայուն ուսուցիչն է: Նաեւ` թերթը եւ ձայնասփիւռը: Լեզուական բարեկարգումը պէտք է սկսիլ նաեւ անոնցմով: Ազատ Եղիազարեան կը գրէ.

«Մենք ընդամէնը պէտք է փորձենք յարգանք դաստիարակել մեր լեզուի հանդէպ:  Այստեղ շատ բան կախուած է հեռուստատեսութիւնից: Բոլորը կարծես հասկանում են, որ մեր ժամանակներում լեզուի զարգացման վրայ այն մեծ ազդեցութիւն է գործում: Բայց առայժմ այդ ազդեցութիւնը աւելի շատ բացասական է»:

Պէտք է կրկնել Ազատ Եղիազարեանի խօսքը. «Բայց առայժմ այդ ազդեցութիւնը աւելի շատ բացասական է»:

Եւ`

«Իբրեւ աւարտ` ասենք, որ օրէնքի` այսօր մատչելի նախագիծը մինչեւ վերջ մտածուած ու մասնագէտների հետ քննարկուած չէ»:

Ինչո՞ւ զարմանալ, որ մտածուած ու մասնագէտների չքննարկուած օրէնքին դէմ բողոքներ ըլլան, նոյնիսկ երբ անոնք կը ծառայեն ներքաղաքական պայքարներու:

Ազգային իմաստութիւն պէտք է ունենալ` որպէս ինքնուրոյն ազգ եւ մշակոյթ տեւելու հեռանկարով, ԼԵԶՈՒԻ ՀԱՐՑԸ ազգային-քաղաքական առաջնահերթութիւն համարել, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), գիտնալով, որ «ծագումով հայերով» Հայաստանը կը դառնայ այլաբնակ, եւ հայ ազգն ալ` պատմութեան մէջ յիշատակուող մեռած ազգ:

Լեզուի անաղարտ պահպանումը եւ իւրացումը իսկական յեղափոխական օրակարգ չէ, պէտք է ըլլայ:

Ազատ Եղիազարեանի խօսքով` «Պէտք է փորձենք յարգանք դաստիարակել մեր լեզուի հանդէպ»… Երեւանի Կոմիտասի շուկայէն մինչեւ Ազգային ժողով: