Նախագահ Սարգսեան ԱՄԷ-ի Մէջ Մասնակցած Է «Ապու Տապիի Կայունութեան Շաբաթ» Միջազգային Հեղինակաւոր Ֆորումի Բացումին

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցելութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ գտնուող` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մայրաքաղաք Ապու Տապիի մէջ մասնակցած է «Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթ» միջազգային հեղինակաւոր ֆորումի բացման հանդիսաւոր արարողութեան, որուն ներկայ եղած են Ապու Տապիի թագաժառանգ, Էմիրութիւններու զինուած ուժերու ընդհանուր  հրամանատարի տեղակալ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ ալ Նահեան, Ինտոնեզիոյ նախագահ Ճոկօ Վիտոտօ, Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէ, Սերպիոյ վարչապետ Աննա Պրնապիչ, այլ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, դիւանագէտներ, քաղաքական ու հասարակական գործիչներ, ձեռնարկատէրեր, շուրջ 4000 պատուիրակներ աւելի քան 175 երկիրներէ:

«Ապու Տապիի կայունութեան շաբաթը» տեղի կ՛ունենայ 2008-էն ի վեր: Անիկա միջազգային հարթակ է, որ կը միաւորէ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր փորձագէտներ, գիտնականներ, գործարարներ` աշխարհի կայուն զարգացման ընդհանուր մարտահրաւէրներն ու հրատապ խնդիրները քննարկելու նպատակով:

Ֆորումի բացման շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած է «Զայետ կայունութեան մրցանակ»-ի շնորհման արարողութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան մրցանակ յանձնած է «Ալ Ամալի» դպրոցին:

«Զայետ կայունութեան մրցանակ»-ը կը շնորհուի 2008-էն` նպատակ ունենալով խրախուսել առողջապահութեան, սնունդի, ուժանիւթի, կրթութեան եւ ջրային տնտեսութեան ոլորտներու այն կազմակերպութիւնները, որոնք հանդէս կու գան կայուն զարգացման նպաստող նորարար եւ ոգեշնչող լուծումներով: