Յունահայ Տիմիթրի Գասարճեանի Գիտական Յայտնաբերումը

Սփիւռք

Յու­նա­հայ ե­րի­տա­սարդ ­Տի­միթ­րիս ­Գա­սար­ճեան, ­Փաթ­րա­սի դե­ղա­գոր­ծա­կան հա­մալ­սա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ, իր ա­ւար­տա­կան տա­րո­ւան ըն­թաց­քին՝ 2019-ի Օ­գոս­տո­սին, դա­սա­կից Եոր­ղօ ­Քա­րա­նա­սիո­յի հետ, ի­րենց հա­մադ­րող դա­սա­խօ­սի ուղ­ղեկ­ցու­թեամբ, պան­րա­գոր­ծու­թեան վրայ ու­սում­նա­գի­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­րո­ղա­ցաւ յա­ջո­ղու­թեամբ վա­րել «CHEESEBOOST» գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան աշ­խա­տան­քը։

«Ազատ օր»-ի տեղեկութիւններով՝ ա­նոնք, պան­րա­գոր­ծու­թեան ո­լոր­տէն ներս հնա­րե­ցին ար­հես­տա­գի­տու­թեան նո­րա­րա­կան մի­ջոց մը, ո­րու հի­մամբ՝ կա­րե­լի է ա­ւելց­նել պա­նի­րի ար­տադրու­թիւ­նը ա­ռանց յա­ւե­լեալ կա­թի գոր­ծա­ծու­թեան։

Այս յայտ­նա­բե­րու­մին հա­մար, ­Տի­միթ­րի ­Գա­սար­ճեան եւ իր դա­սա­կի­ցը ար­ժա­նա­ցան յա­տուկ պար­գե­ւատ­րու­մի։

Յու­նա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին, ­Տի­միթ­րի ­Գա­սար­ճեան ը­սաւ.- «Այս արhես­տա­գի­տու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ կա­թի նոյն քա­նա­կով, 10% — 20% ա­ւելց­նել պա­նի­րի ար­տադ­րու­թիւ­նը. օ­րի­նակ, ա­ւան­դա­կան գոր­ծըն­թա­ցով 100 քի­լօ ոչ­խա­րի կա­թէն կ­՚ար­տադ­րո­ւի 25 քի­լօ պա­նիր, սա­կայն այս նո­րա­րա­կան ձե­ւով՝ 28 քի­լօ»։ ­Կա­տա­րո­ւած յայտ­նա­գոր­ծու­թեան մա­սին, օ­րին անդ­րա­դար­ձան ծա­նօթ յու­նա­կան եւ օ­տար բազ­մա­թիւ տպա­գիր թեր­թեր եւ ե­լեկտ­րո­նա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­ներ, ինչ­պէս նաեւ՝ գի­տա­կան – ­գիւ­ղատն­տե­սա­կան նիւ­թե­րով զբա­ղող մաս­նա­յա­տուկ պար­բե­րա­թեր­թեր։

Գի­տա­կան գնա­հա­տում­նե­րուն հա­մա­ձայն, կը սպա­սո­ւի, որ նոր ար­հես­տա­գի­տու­թիւ­նը մեծ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նայ պան­րա­գոր­ծու­թեան վրայ, բա­րե­լա­ւե­լով ար­տադ­րու­թեան մի­ջոց­նե­րը, ո­րու հա­մա­ձայն՝ ե­թէ այս նո­րա­րա­կան ձե­ւը որ­դեգ­րո­ւի երկ­րի ամ­բողջ ար­տադ­րա­կան ո­լոր­տէն ներս, կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել ա­ւե­լի քան 30 մի­լիոն եւ­րո­յի տա­րե­կան խնա­յո­ղու­թիւն, որ հիմ­նա­կան նո­ւա­ճում մը կը նկա­տո­ւի։

Եր­կու ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ կը մի­տին այս ծրա­գի­րը ընդ­լայ­նել մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ եւ ա­նոր գոր­ծադ­րու­թեան ձե­ւե­րը ներ­կա­յաց­նել գի­տա­կան ժո­ղով­նե­րու եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ա­ռեւտ­րա­կան ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին։

Տի­միթ­րի ­Գա­սար­ճեան ե­ղած է Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նի շրջա­նա­ւարտ, մաս­նակ­ցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան շար­քե­րուն եւ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի վո­լէյ պո­լի խում­բին։

Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել ­Տի­միթ­րի ­Գա­սար­ճեա­նը եւ իր գոր­ծըն­կեր Եոր­ղօ ­Գա­րա­նա­սիոն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թել ա­նոնց՝ գի­տա­կան նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րու հա­մար։