Հայ Բժշկական Հիմնադրամի Կրթաթոշակներ Հայաստանի Մէջ

Սփիւռք

Ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, որ համագործակցաբար Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին հետ, երկու կրթաթոշակ հաստատեցինք Հայաստանի ուսանողներուն՝ ուսում ստանալու Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ։

Առաջինը՝
ՀԱՅԿ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
Օժանդակելու առողջապահական մարզին մէջ Մագիստրոսի վկայական հետապնդող կարիքաւոր ուսանողներուն:
Այս հիմնադրամի հաստատումով, խորագոյն յարգանք կը մատուցենք հանգուցեալ տիար Հայկ Պոյաճեանին՝ (1935 – 2012) իր ազգանուէր եւ մարդասիրական բազմաթիւ օժանդակութեանց համար, որբերու նպաստէն սկսեալ մինչեւ հայկական համայնքներու, Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի հիւծախտի կեդրոններուն իր բերած օժանդակութեան համար։ Պարոն Պոյաճեան միշտ զօրավիգ էր մեր կազմակերպութեան ճիգերուն, իր օժանդակութիւնը անպակաս էր յատկապէս հոն, ուր Հայութիւնը վտանգ կը դիմագրաւէր։
Ուրախութեամբ նշենք, որ 2020 տարեշրջանին առաջին ուսանողը արժանացաւ կրթաթոշակին։

Երկրորդը՝
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԿՐԹԱԹՈՇԱԿ
Օժանդակելու Հայաստանի եւ Արցախի մէջ պայքարած նահատակ զինուորներու զաւակներուն, վեթերան զինուորներուն եւ անոնց զաւակներուն։
Հիմնադրամը հաստատուած է ի պատիւ Տոքթ․ Հրանդ Մ․ Մարգարեանի՝ վաթսունհինգ տարիներու աննահանջ, անսակարկ եւ բազմակողմանի նուիրումին՝ Հայ մշակոյթին, գրականութեան, թատերական արուեստի, կրթական, դաստիարակչական բանագաւառներուն մէջ իր բերած անսահման նպաստին համար։ Առաւել, Մարգարեանի աննահանջ ոգիին, որ երեսունհինգ տարիներէ իվեր կը ծառայէ Հայ Բժշկական Հիմնադրամին, որպէս վարիչ քարտուղար։ Բազմաթիւ են Մարգարեանի առաջադրած ծրագիրները Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։
Կրթաթոշակը գործադրութեան կը դրուի 2020-2021 տարեշրջանին համար։

ՀԱՅ ԲԺՇԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ – Ա․Մ․Ն․.- Ոչ-շահաբեր կազմակերպութիւն է հաստատուած Նիւ Եորքի մէջ 1953ին, հիմնական նպատակ ունենալով՝ օժանդակելու հայկական հաստատութիւններուն, հետազօտական հիմնարկութիւններուն, որոնք կը գործեն հակազդելու, բուժելու եւ դաստիարակելու հանրութիւնը հիւծախտի, կրծքային հիւանդութիւններու եւ կիրառելու աոողջապահական արդիական մօտեցումներ Հայաստանի մէջ։
Հայ Բժշկական Հիմնադրամի նպատակն է`
– Գիտակցութիւն սերմանել հայկական համայնքներուն մէջ եւ տարածել հիւծախտի եւ այլ կրծքային հիւանդութիւններու վտանգներու մասին։
– Օժանդակել հայկական հաստատութիւններու, հիւանդանոցներու եւ հետազօտական
կեդրոններու ճիգերը հիւծախտի եւ կրծքային հիւանդութիւնները դիմագրաւելու գործընթացին մէջ։
– Դաստիարակել ուսանողներ, վերակաւորել բժիշկներ եւ բուժքոյրեր կրծքային հիւանդութիւններու մասին։
– Օժանդակել կարիքաւոր ուսանողներու՝ կրծքային հիւանդութիւններու մէջ մասնագիտանալու համար։