
Հայերու Բնաջնջման Կամ Բռնագաղթեցման Նոր Փորձերու Հնարաւորութիւն Պիտի Չտանք. Նիկոլ Փաշինեանի Ուղերձը Պաքուի Ջարդերու 30-ամեակին Առիթով
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ուղերձ յղած է Պաքուի հակահայկական ջարդերու 30-րդ տարելիցի կապակցութեամբ: Վարչապետ Փաշինեան ըսած է, որ անցած երեք տասնամեակը Ատրպէյճանի մէջ չէ դարձած վերաիմաստաւորման, զղջումի եւ հաշտութեան հասնելու ժամանակաշրջան:
«Դէպքերէն 30 տարի անց Ատրպէյճանի մէջ գոյութիւն չունի Պաքուի հակահայկական ջարդերու զոհերու հանդէպ որեւէ յարգանք եւ կարեկցանք: Այն սակաւաթիւ ձայները, որոնք քաջութիւն ունեցած են նոյնիսկ գրական ստեղծագործութիւններու մէջ յիշատակել Պաքուի հայերուն բաժին հասած ողբերգութիւնը, գամուած են անարգանքի սիւնին եւ պաշտօնապէս հռչակուած դաւաճան»:
Վարչապետին խօսքով` հայատեացութիւնը դարձած է Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւնը եւ հաւատամքը:
«Այս ընթացքին ականատես եղած ենք Արցախի բնակչութեանը բնաջնջելու փորձին, մարդասպանութեան համար պատիժ կրող Ռամիլ Սաֆարովին ազատ արձակման եւ հերոսացման, 2016-ի Ապրիլին Արցախի սահմանամերձ բնակավայրու մէջ տարէց եւ անօգնական մարդոց դաժան խոշտանգման եւ սպանութեան»,- աւելցուցած է կառավարութեան ղեկավարը:
Ան երախտագիտութիւն յայտնած է բոլոր միջազգային կառոյցներուն, որոնք արձագանգած են այս իրադարձութիւններուն` զանոնք դատապարտելով ու աշխարհին ի ցոյց դնելով:
«Ես ամենայն պատասխանատւութեամբ կը յայտարարեմ` հայերու բնաջնջման կամ բռնագաղթեցման նոր փորձերու հնարաւորութիւն պիտի չտանք»,- իր խօսքը ամփոփած է Փաշինեան: