Սթիւըն Զէյլեան՝ «Կոլտըն Կլոպ» Մրցանակի Թեկնածու

Սփիւռք

Հայազգի բեմագիր, բեմադրիչ եւ արտադրող Սթիւըն Զէյլեան առաջադրուած է իբրեւ պատկերասփիւռի եւ շարժապատկերի աշխարհի լաւագոյններուն վերապահուած՝ «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակի թեկնածaու։ «Նեթֆլիքս»ի արտադրութեամբ, բեմադրիչ Մարթին Սքորսեզիի « Տը Այրիշմըն» («Իրլանտացին») ժապաւէնը պատրաստուած է Զէյլեանի բեմագրութեան հիման վրայ։

Զէյլեան ծնած է Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա։ Անոր հայրը՝ Ճիմ Զէյլեան եղած է ձայնասփիւռի լրագրող։ Սթիւըն վկայուած է Սան Ֆրանսիսքոյի նահանգային համալսարանէն։ 1994-ին ան արժանացած է «Օսքար» եւ «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակներուն՝ «Շինտլըր՛ս Լիսթ» ֆիլմին բեմագրութեան համար։ Նաեւ, երեք այլ առիթներով «Օսքար»ի թեկնածու առաջադրուած է 1990-ին, 2002-ին եւ 2011-ին։

Մրցանակներուն յանձնումը տեղի պիտի ունենայ 5 Յունուար 2020-ին։