Թիւ 150 Բանաձեւին Որդեգրման Լոյսին Տակ. «Նպատակս Տկարութիւն Չի Ճանչնար»

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը հինգշաբթի, 12 Դեկտեմբերին միաձայնութեամբ որդեգրեց թիւ 150 բանաձեւը եւ այսպէսով, իր ձայնը միացուց Ներկայացուցիչներու տան, որ ամիս մը առաջ որդեգրած էր թիւ 296 բանաձեւը: Այսպէսով, ամերիկացի ժողովուրդը ներկայացնող զոյգ ժողովները բացայայտօրէն կը յայտարարեն, որ Թուրքիա Ցեղասպանութեան ենթարկած է հայ ժողովուրդը, Ցեղասպանութեան արարքին մասին անոր ժխտողական քայլերը անհիմն են ու անընդունելի: Վերջ կը գտնեն արդարութեան մասին քաղաքական ու կողմնակի հաշիւներով սակարկութիւնները:

Սա մեր Դատի կենսագործման ճամբուն վրայ նոր յաղթանակ մըն է, արդիւնք` Հայ դատի մեր գործիչներուն հետեւողական աշխատանքին: Մէկ ամսուան տարբերութեամբ որդեգրուած զոյգ բանաձեւերը կը հաստատեն, որ եթէ ունիս արդար դատ մը, չես հրաժարիր անկէ, հետամուտ ես արդարութեան, անպայման որ միջոցները կը գտնես յառաջ շարժելու, որքա՛ն ալ որ աննպաստ ըլլան քաղաքական հովերը, արգելակող` այս կամ այն նախագահին կամ Թուրքիոյ վարձկանը դարձած ներկայացուցիչներուն խափանման փորձերը: Փաստը ահա կը ներկայանայ շօշափելի կերպով, ու պէտք է փարատէ, նախ եւ առաջ, կասկածներն ու երկմտութիւնները մեր` հայութեան թերահաւատներուն, պէտք է համոզուինք ու համոզենք, թէ մեր իրաւունքներուն հետապնդումը յառաջ պիտի տանինք քայլ առ քայլ, մինչեւ իսկ եթէ յիշեալ աննպաստ ալիքներն ու հովերը նահանջներ կամ տեղքայլի վիճակներ պարտադրեն երբեմն:

Աւելի քան դար մը առաջ, մեր դիւցազներգակ բանաստեղծը յայտարարած է. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար»: Սա զգացական արտայայտութիւն չէ, որովհետեւ փաստերը կը շօշափենք արդէն…

***

12 Դեկտեմբերի յաղթանակը վախճանակա՞ն է:

Բնականաբար ո՛չ: Անիկա պարզապէս դէպի յառաջ նոր քայլ մըն է, որովհետեւ վախճանական յաղթանակին համար, մեր դիմաց ունինք շարք մը փուլեր: Ամէնէն կարեւորներն են նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ իր ոճիրին ու անկէ բխած անարդարութեանց, յոռի հետեւանքներուն ճանաչումը, իսկ անկէ ետք ալ` արդար հատուցումը:

Արդար հատուցում ըսելով, կրկնենք, կը հասկնանք մեր պատմական հողերուն վերադարձը` իրաւատիրոջ, հայութեան ու Հայաստանին: Արդար հատուցման միւս երեսը կը կազմէ նիւթական հատուցում, ի դիմաց այն կորուստներուն, որոնք արձանագրուած են անցեալ աւելի քան մէկ դարու ժամանակամիջոցին: Միակ անկարելին` մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն կեանքի վերադարձն է, սակայն միջազգային օրէնքը կրնայ ձեւեր ցոյց տալ այս գծով ալ փոխհատուցման:

Ու մեր պայքարը պիտի շարունակուի դէպի վախճանական յաղթանակ: Արդարութեան արեւը պիտի շոգիացնէ բոլոր վերապահութիւններն ու կասկածները, պիտի փարատէ թերահաւատութիւնը: «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» ուխտը Հայ դատի զինուորագրեալներուն շուրջ պիտի համախմբէ հայութեան բոլոր ձեռքերը` պետական, կազմակերպական եւ գաղութային: Եթէ Հայ դատի զինուորագրեալներն են դէպի յաղթանակ առաջնորդող դրօշակիրները, վախճանական յաղթանակը պիտի պատկանի հայութեան ու Հայաստանին: Այսպէ՛ս գործած են Դաշնակցութիւնն ու անոր զինուորագրեալները:

12 Դեկտեմբեր 2019