Թեսաղոնիկէի մէջ Ցեղասպանութեանց կանխարգիլման ուղղուած համաժողով

Սփիւռք

Ա­թէն­քի «­Նիար­խոս» հաս­տա­տու­թեան մէջ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­յա­ցած մի­ջազ­գա­յին խորհր­դա­ժո­ղո­վին որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն, Ե­րեք­շաբ­թի՝ 10 ­Դեկ­տեմ­բեր 2019ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի դահ­լի­ճին մէջ, ձեռ­նարկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատ օր»-ը։

­Յա­տուկ հրա­ւէ­րով ներ­կայ ե­ղաւ եւ հա­ւա­քը ող­ջու­նեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բը։

Ցե­ղաս­պա­նու­թեանց ոճ­րա­գոր­ծու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րին միա­նա­լու եւ այդ­պի­սի ո­ճիր­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու պա­հան­ջը շեշ­տո­ւե­ցաւ՝ ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնո­ւած յոյն քա­ղա­քա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ող­ջոյ­նի խօս­քեր ուղ­ղե­ցին։

Ներ­կայ ե­ղան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փանոս վրդ. ­Փա­շա­յեան, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Ար­թին Աբ­րա­հա­մեան, Հ.Յ.Դ. ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, ինչ­պէս նաեւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան միու­թեան ան­դամ­նե­րը։

Յու­նաս­տա­նի ներ­քին հար­ցե­րու նա­խա­րա­րու­թեան ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ փոխ նա­խա­րար ­Թէո­տո­րոս ­Քա­րաօղ­լու, դի­տել տո­ւաւ, թէ «­Պոն­տո­սի յոյ­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան մութ է­ջե­րուն մէջ իր տխուր տե­ղը գրա­ւած է, հրեա­նե­րու ­Հո­լո­քոս­թի ա­հա­ւոր ո­ճի­րէն ա­ռաջ, մեր ազ­գի ­Հո­լո­քոս­թը հան­դի­սա­նա­լով»։

Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պետ ­Գոնս­թան­տի­նոս ­Զեր­վաս անդ­րա­դար­ձաւ մի­ջազ­գա­յին պայ­քա­րին մէջ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու հե­ռան­կար­նե­րուն, ո­րու ծի­րէն ներս նա­խա­տե­սո­ւած է հրէա­կան ­Հո­լո­քոս­թին նո­ւի­րո­ւած թան­գա­րա­նի մը ստեղ­ծու­մը։

Յա­տուկ հրա­ւէ­րով եւ ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յո­վիկ ­Գա­սա­պեան, որ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան եւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան դա­տա­պարտ­ման գծով ա­նընդ­հա­տօ­րէն շա­րու­նա­կո­ւող պա­հան­ջա­տի­րա­կան պայ­քա­րին անդ­րա­դար­ձաւ։

Խօս­քե­րով հան­դէս ե­կան ­Կեդ­րո­նա­կան ­Մա­կե­դո­նիոյ մարզ­պե­տու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մա­պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու նա­խա­գահ Եոր­ղոս ­Վա­րի­թի­միա­տիս, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի իս­րա­յէ­լա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, իսկ օ­րո­ւայ խօս­քը ուղ­ղեց Իս­րա­յէ­լի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի տնօ­րէն Իս­րա­յէլ ­Չառ­նի։ Ան խօ­սե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին մաշ­տա­պի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թեանց կան­խար­գիլ­ման դէմ պայ­քա­րը մղե­լու անհրա­ժեշ­տու­թեան մա­սին, շեշ­տե­լով թէ կեան­քը յար­գե­լու ուղ­ղո­ւած գա­ղա­փա­րը պէտք է ար­մատ­ներ նե­տէ աշ­խար­հի հան­րա­յին կար­ծի­քին եւ պե­տու­թիւն­նե­րուն մօտ՝ «Respect, Protect Life» նշա­նա­բա­նով։ «Ե­թէ այդ մէ­կը յա­ջո­ղո­ւի, մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ աշ­խար­հի վրայ փրկո­ւած պի­տի ըլ­լան» ը­սաւ Իս­րա­յէլ ­Չառ­նի, ա­ւելց­նե­լով թէ յոյ­ներ ու հա­յեր կրնան ա­ռաջ­նոր­դել նման կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մը։

Զ­րոյ­ցը վա­րեց Ա­մե­րի­կա­յի ­Մի­զու­րի նա­հան­գի հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս, փրոֆ. ­Նի­քոս ­Մի­խա­յի­լի­տիս։