Արամ Ա. Վեհափառը Շնորհաւորեց Պոլսոյ Հայոց Նորընտիր Պատրիարքը

Սփիւռք

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Խաչիկ Ճանել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին ուղղած իր 11 Դեկտեմբեր թուակիր նամակով կը հաղորդէր Սահակ եպս. Մաշալեանի ընտրութիւնը՝ իբրեւ պատրիարք:

Վեհափառը նորընտիր պատրիարքին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Հոգեկան ցնծութեամբ եւ եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ձեզ եւ կը շնորհաւորենք ձեր ընտրութիւնը: Արդարեւ, Կ. Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը երկար շրջան մը թափուր մնալէ եւ զանազան դժուարութիւններ դիմագրաւելէ ետք, ահա այսօր Աստուծոյ օրհնութեամբ կ՛ունենայ իր նոր պատրիարքը, վերանորոգ նուիրումով շարունակելու համար պատրիարքութեան դարաւոր առաքելութիւնը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ մենք անձնապէս եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ մշակած ենք ձեր նախորդներուն՝ երջանկայիշատակ Գարեգին եւ Մեսրոպ պատրիարքներուն հետ: Վստահ ենք, որ ձեր ընտրութեամբ նոր ու փայլուն էջ մը պիտի բացուի պատրիարքութեան կեանքին մէջ եւ մեր երկու նուիրապետական աթոռներուն միջեւ սերտ գործակցութիւնը կը շարունակուի»: