Հայաստանի Դէմ Թրքական Բանակի Յարձակումի Մասին Գաղտնի Ծրագիրը Բացայայտուած Է

Աշխարհ, Հայաստան

Թրքական բանակի սպայակոյտի փաստաթուղթերու արտահոսքը բացայայտած է Հայաստանի դէմ Անգարայի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերագրուող ծրագիրի անունն ու մանրամասնութիւնները:

Փաստաթուղթը հրապարակած է «Նորտիք Մոնիթըր»-ի յօդուածագիր Ապտուլլա Պոզքուրթ, որ «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ կը հաւատայ իր հրապարակած փաստաթուղթին իսկութեան:

Թուրքիոյ զինուորական տեսուչները Անգարայի Աքընճըի օդուժի ռազմակայանի հրամանատարութեան կողմէ վերահսկուող փաստաթուղթերու գրասենեակին մէջ ծրագիրներու ուսումնասիրութիւն կատարելու ընթացքին բացայայտած են, որ ծրագիրի որոշ էջեր անհետացած են:

Սկսած է հետաքննութիւն` բացայայտելու, թէ նշեալ փաստաթուղթերը ինչպէ՛ս անհետացած են: Սպայակոյտի էջերուն անյայտ կորսուելուն մասին զեկուցագիրը ներկայացուած է 23 մայիս 2016-ին: Եւ ճիշդ այդ արտահոսքի զեկուցագիրն էր, որ բացայայտած է գործողութեան անունը` «ԱԼԹԱՅ»:

«Գաղտնի ծրագիրը վերջնական տեսքի բերուած է 13 յուլիս 2001-ին: Ատիկա պատրաստուած է մարտավարական օդուժի 2-րդ հրամանատարութեան կողմէ` իբրեւ «ՕՂՈՒԶԹԻՒՐՔ» կոչուող օդային յարձակողական ծրագիրի մաս: Զեկուցագիրին մէջ կը նշուի, որ գործողութիւններու ծրագիրը տակաւին վաւերական է, եւ կ՛ընդգծուի, որ էջերու կորուստը բացասական ազդեցութիւն պիտի չունենայ «ԱԼԹԱՅ գործողութեան վրայ», գրած է Ապտուլլա Պոզքուրթ «Նորտիք Մոնիթըր»-ի մէջ:

Հրապարակումը միջազգային լայն արձագանգ գտած է: Յունական լրատուամիջոցները «ցնցիչ» որակած են զայն: «Այս բացայայտումը, ինչպէս նաեւ այլ տեղեկութիւններ Աթէնքի որոշ շրջանակներուն հիմք տուած են մտածելու, թէ Հայաստանը Սուրիայէն ետք պիտի ըլլար Թուրքիոյ յաջորդ թիրախը», գրած են յունական լրատուամիջոցները: