
Կարնոյ Հայկական Եկեղեցին Թուրքերը Աղբավայրի Կը Վերածեն (լուսանկարներ)
Կարնոյ (Էրզրում) Ազիզիէ շրջանի Կեզքէոյ թաղամասին մէջ գտնուող հայկական Սբ. Մինաս եկեղեցւոյ մօտ Ազիզիէի համայնքապետարանը շինարարական աղբ կը կուտակէ: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
.jpg)
1790-ին կառուցուած, այժմ կիսաւեր վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցին 2010-ին արձանագրուած է իբրեւ պատմական յուշարձան, որ կ՝ենթադրէ, թէ շինութիւնը պէտք է պահպանուի պետութեան կողմէ: Սակայն տեղի կ՝ունենայ ճիշդ հակառակը. շուրջբոլորը աղբավայրի վերածուելէ բացի եկեղեցին կ՝ենթարկուի նաեւ գանձագողերու յարձակումներուն: Գանձ գտնելու մոլուցքով տարուած անձեր հորատումներ ըրած են եկեղեցւոյ պատերուն եւ սիւներուն մօտ: Որոշ չարամիտներու ձեռքով ալ ջնջուած են եկեղեցւոյ մէջ եղած որմնանկարները:
Թաղամասի բնակիչներուն խօսքով՝ համայնքապետարանը այստեղ կը կուտակէ թաղամասերէն հաւաքած շինարարական աղբը: Եթէ ատիկա շարունակուի՝ եկեղեցին կրնայ ծածկուիլ աղբի կոյտերով:
Նշենք, որ եկեղեցւոյ հնարաւոր վերականգնման վերաբերեալ հակասական տեղեկութիւններ հրապարակած են թէ՛ սեփականատէր Սապրի Էնկինի եւ թէ ազիզիէի համայնքապետարանի կողմէն: Ի դէպ, Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք հայապատկան բազմաթիւ անշարժ գոյքեր՝ եկեղեցիներ, պետութեան արտօնութեամբ սեփականաշնորուած են թուրքերու կողմէ:
Այժմ Գերմանիա բնակող Էրկինը 2016-ին յայտարարած էր, որ համայնքապետարանը կը սպառնայ իրեն քանդել եկեղեցին, եթէ ինքը զայն չվերանորոգէ: Յայտնած էր, որ եկեղեցւոյ վերակառուցման համար դիմած է շարք մը կառոյցներու, բայց ոչ մէկէն դրական պատասխան ստացած է:
Համայնքապետարանէն կը յայտարարեն, որ եկեղեցին վերականգնելու համար անհրաժեշտ է Էրկինի արտօնութիւնը եւ իբր ան ալ արտօնութիւն չի տար: