Հայաստանի Մէջ Դեկտեմբերը Պիտի Սկսի Ձիւնով եւ Անձրեւով
Նոյեմբեր 30-ին առանձին շրջաններու մէջ, Դեկտեմբեր 1-2-ին շրջաններու մեծ մասին մէջ կը սպասուին տեղումներ, լեռնային շրջաններու մէջ` ձիւն: Այս մասին կը յայտնեն օդերեւութաբանական ծառայութենէն` աւելցնելով, որ Նոյեմբեր 29-ին, Դեկտեմբեր 3-ին կը սպասուին առանց տեղումներու եղանակ:
Կը նշուի, որ օդի ջերմաստիճանը Նոյեմբեր 28-30-ի ցերեկը աստիճանաբար կը բարձրանայ 3-5 աստիճանով:
Մայրաքաղաք Երեւանի մէջ Դեկտեմբեր 1-2 կը սպասուի անձրեւ, 29-30-ը, Դեկտեմբեր 3-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Նոյեմբեր 29-ի ցերեկային ժամերուն կը կանխատեսուի +9…+11, գիշերը’ +2…+4: Նոյեմբեր 30-ին ցերեկը՝ +10…+12, գիշերը` +2…+4: