Ինժիներներու, Թամադաներու եւ «Պիտանի Աղքատներ»ու Մասին (Կրթական Համակարգի Բարեփոխումը Սփիւռքեան Դիտարկումէ)

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Խ. Տէր Ղուկասեան

Թաւշեայ Յեղափոխութեան նախաձեռնած կրթական համակարգի բարեփոխումները վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզ իր վերջին այցելութեան ընթացքին պարզաբանեց/բանականացուց հետեւալ ձեւով. «Եկէք թամադա պատրաստող կրթական համակարգը փոխարինենք ինժեներ պատրաստող կրթական համակարգով»:

Արժանթինի նախագահ Մաուրիցիօ Մաքրի, որ անցեալ Հոկտեմբեր 27-ին պարտուեցաւ նախագահական ընտրութիւններուն եւ իր պաշտօնի աւարտին կը հասնի Դեկտեմբեր 10ին, ինժիներ է: Ինժիներ ուսանած է առնուազն: Ինժիներ չէ աշխատած, որովհետեւ մեծահարուստ ընտանիքի մը զաւակը ըլլալով ընտանեկան ձեռնարկութեանց ղեկավարման մէջ փորձած է իր բաղդը եւ ապա անցած քաղաքական ասպարէզ: Բայց ինժիների իր տիտղոսը շատ կարեւոր դեր ունեցած է իր հանրային կերպարի կերտման հոլովոյթին մէջ: Ընդհանրացած է որ ան քաղաքականութեան մասին կը մտածէ որպէս ինժիներ, այսինքն՝ հարցերուն լուծումի եւ ոչ թէ վերլուծումի կը ձգտի: 2015ի իր ընտրութենէն չորս տարի անց, երկրի ընկերատնտեսական խնդիրներէն եւ ոչ մէկուն լուծում բերած է աջակենտրոն իր կառավարութիւնը՝ քանի մը բացառութիւններով: Ընդհակառակը, սղաճէն մինչեւ գործազրկութիւն, աղքատութեան յաւելում, դրամանիշի արժեզրկում եւ արտաքին պարտքի կտրուկ յաւելում տնտեսական բոլոր ցուցանիշերը աւելի վատացած են եւ երկիրը հասցուցած ճգնաժամի: Որպէս լիբերալ, ան պետութիւնը նկատած է հարց եւ ոչ թէ հարցերու լուծում, մսխումի ապարատ եւ փտտածութեան աղբիւր: Արժանթինեան պետութիւնը ունի ամէն մակարդակներու կրթական զօրաւոր համակարգ մը, որ, ինչ խօսք, պէտք ունի պարբերական բարեկարգումներու: Բայց այդ համակարգը կը գործէ, եւ բոլոր քաղաքացիներուն, նաեւ՝ ոչ քաղաքացիներուն, ձրի եւ որակաւորեալ բարձրագոյն կրթութիւն կ’երաշխաւորէ: Իր ընտրարշաւի վերջին օրերուն, սակայն, մօտ ատենէն ընթացաւարտ Նախագահը հանդէս եկաւ հասարակութեան ցածր եկամուտ ունեցող խաւէն ուսանողներու տրուած պետական յատուկ կրթաթոշակի ծրագրի փոփոխութեան առաջարկով: Խոստացաւ որ եթէ վերընտրուի նախագահական երկրորդ շրջանի մը համար, փրոկրեսար պետական կրթաթոշակներու ծրագրով յատկացումներ պիտի կատարուին միայն այն ուսանողներուն, որոնք կ’ընտրեն բարձրագոյն ուսման այնպիսի ասպարէզներ որոնց պէտք ունին մասնաւոր ձեռնարկութիւնները: Այդ տրամաբանութեամբ ալ, Մաքրի կոչ ուղղեց ուսանողներուն ընտրելու աշխատանքային շուկայի մէջ ամենէն աւելի առաջարկ ունեցող մասնագիտութիւններ:

Այս մասին Լէյլա Կեռիէրօ սպանական “Էլ Փայիս” թերթի 23 Հոկտեմբերի թիւին մէջ «Պիտանի աղքատներ» խորագրուած իր ակնարկին մէջ կը գրէ. «Հարց չէ, ուրեմն, մտածել երկրի մը մասին որու բնակիչները հաւասար առիթներ ունենան ըլլալու այն ինչ կը փափաքին -ճարտարագէտ, իմաստասէր, ատամնաբոյժ, գրող, պարող, դերասան թէ համակարգիչի մասնագէտ: Այլ՝ պնդել երկրի մը մասին ուր աղքատները պարտին ընդունիլ մէկ ճակատագիր. պիտանի ըլլալ: Երկիր մը, ուր անոնք որոնք չեն կրցած երբեւիցէ ինչ որ բան ընտրել. ինչ եւ երբ ուտել, ուր բնակիլ, ինչ աշխատիլ շարունակեն զրկուած մնալ ընտրութեան իրաւունքէն»:

Արժանթինն ու Հայաստանը իրարմէ շատ հեռու են եւ հարցերը որոնց մասին վարչապետ Փաշինեան եւ նախագահ Մաքրի արտայայտուած են իրարու հետ կապ ունին միայն այնքան որքան որ երկուքն ալ կը խօսին կրթական համակարգի մասին: Բայց կարելի չէ անտեսել լիբերալ մտայնութեան զուտ «գործնապաշտ» մէկ եւ միեւնոյն տրամաբանութեան ենթախորքը երկուքին մօտ: Փաստօրէն, ամէն ինչ որ շուկայի պահանջարկին չի համապատասխաներ պիտանի ասպարէզ չէ, հիմնականին մէջ՝ հումանիտար ուղղություններ:

եւ քանի որ կրթական համակարգի մասին կը խօսինք, յստակ է որ Երեւանի մէջ նստացոյցի դիմած Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան ու Փարիզի Պրիւքսէլի մէջ անոնց զօրակցած գաղափարակից երիտասարդներուն չյաջողեցաւ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին համոզել, որ հրաժարի: Ըսենք որ Նախարարին ալ ձեռքը չէ: Թէկուզ եւ ինքը ուզէր, վարչապետ Փաշինեանը դէմ պիտի կենար, ինչ որ արդէն ըրաւ, որովհետեւ ան, հասկնալիօրէն, հարցը շատ անձնականի առաւ: Սպասելի էր նաեւ, որ այսպէս կտրուկ դրուած քաղաքական պահանջ մը, որու ետին դեռեւս ժողովուրդի կարեւոր մէկ հատուածի զօրակցութիւնը վայելող իշխանութիւններու վարքն ու կարողութիւնն է, որ խնդրոյ առարկայ կը դարձնե ունենար այս վախճանը: Մանաւանդ, երբ հակառակ առաջին օրերու դրական անդրադարձներու եւ շատ մը ակադեմականներու եւ մտաւորականներու հասկացողութեան եթէ ոչ աջակցութեան Երիտասարդականի միջոցառման, նստացոյցը չկարողացաւ քաղաքացիական պահանջ ու զօրաշարժ ստեղծել՝ արտախորհրդարանական ճնշումի կարողականութեան փաստը տալով կառավարութեան մը, որ Ազգային Ժողովով մտահոգուելու պէտք չունի իր որոշումներու գործնականացման համար: Յստակ չէ թէ կրթական համակարգի փոփոխութեան կառավարութեան նախաձեռնութեան մերժումը ինչո՛ւ չյաջողեցաւ ժողովրդային զօրակցութիւն եւ զօրաշարժ ապահովել: Քաղաքական ռազմավարութե՞ան, մարտավարական բացթողումներո՞ւ, հարցի բանաձեւմա՞ն, թէ պարզապէս հարցի հանդէպ շարքային քաղաքացիի անտարբերութեան պաճառով: Առանձին քննարկելի նիւթ: Ամէն պարագայի, եթէ բացառենք ոստիկաններուն վառարանի գրաւման զաւեշտական բեմադրութիւնը, իշխանութիւնները բռնամիջոցներու չդիմեցին, իսկ ՀԵՄ-ը քաղաքացիական հասարակութեան մէջ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան օրինակ մը ցոյց տուաւ: Եթէ նստացոյցի մասսայականացման բացակայութիւնը իր մէջ ունի ուսանելի դասեր ապագայ զօրաշարժերու համար, նուազ կարեւոր չէ նախաձեռնողներուն հիմնաւորուած դիմումը՝ խորհրդրանական ընդդիմութեան, որ թերեւս սկսի գիտակցիլ իր դերին կարեւորութեան:

Նախարարը կը մնայ իր պաշտօնին, ի զօրու կը մնայ նաեւ կրթական համակարգի բարեկարգումի որոշումը: Քաղաքական բախումի այս հանգրուանի աւարտին, եւ կիրքերու հանդարտեցումէն յետոյ, թերեւս լաւ կ’ըլլայ որ կրթական համակարգի բարեփոխման հարցը դրուի աւելի լայն ու համապարփակ հանրային քննարկումի, առանց ազգային թէ ապազգայինի, Նախարարի հրաժարականի, նախկիններու փտածութեան, թէ «դուրսի-ներսի Դաշնակցութիւն» շեղումներու երթալու: Թերեւս աւելի լաւ կ’ըլլայ որ այդ հրապարակային քննարկում-բանավէճ ներառէ նաեւ Սփիւռքը, տեղ տայ Սփիւռքէն եղած նկատառումներու: Ոչ թէ որովհետեւ այդ նկատառումները անպայմանօրէն հեղինակաւոր պիտի ըլլան կամ աւելի բանիմաց, քան հայրենի մասնագէտներուն կարծիքներն ու նկատողութիւնները: Այլ, որովհետեւ մի գուցէ նման մասնակցութիւն եւ հետաքրքրութիւն Սփիւռքի կողմէ քաջալեր հանդիսանայ հայրենի իշխանութիւններուն՝ Սփիւռքի մէջ ակտիւ աշխատանք տանելու, որ բարձրագոյն ուսման հետեւելու հետամուտ երիտասարդները նկատի ունենան նաեւ հայրենի “Բուհ”-երը որպէս այլընտրանք, եւ, ինչու ոչ, հայրենադարձութեան առաջին քայլ: Սփիւռքի Նախարարութեան կազմալուծումը օրին պատճառաբանուեցաւ տարբեր Նախարարութիւններու յատուկ գործառոյթներու խաչաձեւումը բացառելու մտահոգությամբ: Սփիւռքի հարցերով նոր յանձնակատարը, ըստ նոր կառոյցին, պիտի համակարգէ եղեր Նախարարութիւններուն գործառոյթները Սփիւռքին հետ: Այս հարցով, ըստ երեւոյթին, ոչ գլխաւոր յանձնակատարին, եւ նուազ՝ Նախարարին մտքէն անցեր է Սփիւռքի մասնակցութիւնը հանրային բանավէճին, սակայն ուշ չէ:

Աւարտենք ըսելով որ Սփիւռքէն բանաձեւուած այս առաջարկը Նախարարին հրաժարականը չի պահանջեր, պարզապէս կ’արտայայտէ հայրենի թէ համահայկական հարցերու քննարկման մէջ ներգրաււելու սփիւռքեան յանձնառութիւն մը որ կար, կայ եւ պիտի մնայ՝ անկախ օրուայ իշխանութիւններէն, անկախ մինչեւ իսկ Սփիւռքի նկատմամբ ցարդ կիրարկուած պետական քաղաքականութիւններէն: