Բակօ Սահակեան Այցելեց Շարք Մը Զօրամասեր

Հայաստան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 27 նոյեմբերին այցելեց հանրապետութեան կեդրոնական եւ արեւելեան հատուածներուն մէջ գտնուող շարք մը զօրամասեր` տեղւոյն վրայ ծանօթանալու զինուորներու ծառայութեան ընթացքին եւ տիրող իրավիճակին:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնեցին, որ նախագահին կ՛ընկերակցէին պաշտպանութեան նախարար Կարէն Աբրահամեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր: