Արցախի Խորհրդարանը Շուրջ 1 Միլիոն 400 Հազար Դրամ Հանգանակած է Հեռուստամարաթոն-2019-ին

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Խորհրդարանը շուրջ 1 միլիոն 400 հազար դրամ հանգանակած է  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուող ամենամեայ հեռուստամարաթօնին:

Ըստ Artsakhpress.am-ի՝ այս մասին այսօր կայացած Խորհրդարանի լիագումար նիստին ըսած է ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան:

Խորհրդարանի ղեկավարին խօսքով՝ այսօր կայանալիք ազգային նուիրատւութեան հերթական հեռուստամարաթօնին Երեւանի եւ Լոս Անճելըսի մէջ պիտի մասնակցին Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան եւ ԱՀ կրթութեան, գիտութեան ու մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեան:

«Կոչ կ՝ընեմ մեր բոլոր հայրենակիցներուն աշխուժօրէն մասնակցելու հեռուստամարաթօնին, քանի որ համազգային շարք մը ծրագիրներու իրականացումը կախուած է այսօրուան հանգանակութենէն: Յոյսով եմ՝ ականատեսը պիտի ըլլանք դրական արդիւնքներու»,- նշած է Ա. Ղուլեան: