Ընթերցող Բանակի Զօրակոչ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Ազդակ»

Երկրին դիմակայած տնտեսական տագնապին սրացումը բնականաբար կ՛ազդէ բոլոր հաստատութիւններուն վրայ: Երբ առեւտրական հիմնարկները տագնապին հզօր հետեւանքները կը կրեն, կը փակուին, կտրուկ կրճատումներու կը դիմեն, անձնակազմի սեղմումներ կը կատարեն, աշխատավարձերը մասամբ կը վճարեն` անպայման կը մտաբերենք այն հաստատութիւնները, որոնք հասութաբեր բնոյթ չունին, որոնք մեր պարագային ազգային-հասարակական կամ կրթական-մշակութային գործունէութիւն ունին:

Մամուլը այդ դասակարգումներուն տակ կը տեղադրուի բնականաբար եւ գաղտնիք չէ, որ լիբանանահայ մամուլը, յատկապէս օրաթերթերը ծանրագոյն ձեւով կը կրեն հետեւանքները ահագնացող ճգնաժամին:

«Հայ մամուլի տարուան» առիթով տարբեր քննարկումներու ընթացքին հասկնալիօրէն արծարծուեցաւ մամուլի դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, մանաւանդ զայն յաղթահարելու տարբեր ծրագիրներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Առանց վերջին ճգնաժամին արդէն, գրաւոր մամուլը ընդհանրապէս եւ մեր պարագային լիբանանահայ տպագիր մամուլը սուր կերպով կը դիմագրաւէր այս խնդիրը:

«Ազդակ» ճգնաժամի սրացումին առաջին օրերուն իսկ նիւթական աղբիւրի թիրախ ընտրեց իր արտասահմանի ընթերցողները: Լիբանանեան շուկան կաթուածահար վիճակի մէջ գտնուելով պիտի չկարենար ո՛չ միայն յաւելեալ եկամուտ, այլ նոյնիսկ ընթացիկ վճարումները կայունացնել` թէ՛ թերթի վաճառքի, թէ՛ գովազդային եւ թէ՛ նուիրատուութիւններու ճամբով:

Մեր առաջին կոչերը` ուղղուած մեր արտասահմանեան ընթերցողներուն, անարձագանգ չմնացին: Ճիշդ է, որ կայքի այցելուներուն թիւին, անոնց կողմէ մինչ այժմ մեր ելեկտրոնային աշխատանքին նկատմամբ տարբեր առիթներով հնչած գնահատանքներուն տարողութեան համարժէք չէին նուիրատուներու թիւերը, այսուհանդերձ պէտք է արձանագրել, որ անոնք, որոնք արագօրէն արձագանգեցին, անկախ նիւթականէն «Ազդակ»-ի խմբագրակազմին եւ ընդհանրապէս աշխատակազմին փոխանցեցին նաեւ նեցուկ ունենալու համոզումը: Ինչ որ նման պայմաններուն մէջ աշխատանքին փարելու կորովի բարձրացման մէջ հիմնական դեր ունի:

Դժուար պայմաններուն մէջ «Ազդակ»-ին համար քաջալերական էր Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութեան պատրաստակամութիւնը զանազան ծրագիրներով աջակցելու «Ազդակ»-ի պիւտճէի գոյացման անհրաժեշտութեան: Այս մտածումն ու գործնապէս սատարելու որոշումը ինքնին այնքան դրական ընկալում կը գտնէ մեր մօտ, որ դարձեալ նիւթականէն անկախ, մեր ուսանողներու մամուլի առաքելութեան գիտակցութեան ցուցանիշ է, գումարած` նեղ կացութիւն յաղթահարելու համար գործնական մասնակցութեան տրամադրուածութիւն:

Կը գիտակցինք, որ երկիրը հարուածած դրամատնային եւ ֆինանսական ճգնաժամը մէկ օրէն միւսը չ՛աւարտիր եւ բնականոն գործունէութեան վերադարձը տակաւին տեսանելի չէ: Փապուղիի մէջ լուսաւոր ելքի փնտռտուքի մէջ է ամբողջ հասարակութիւնը: Այս կ՛ենթադրէ ինքնին, որ տագնապը երկար տեւողութիւն ունի: Տագնապի խորացումն ու երկարատեւութիւնը սակայն մեզի ընկրկումի պիտի չառաջնորդեն:

«Ազդակ» ունի ընթերցողներու բազմահազար բանակ մը, զոր կը հրաւիրէ զօրակոչի` յաղթանակով դուրս գալու համար թերթին դէմ վաղուց ծառացած, բայց նորացուած եւ սուր բնոյթ ստացած այս մարտահրաւէրէն: