Էդմոն Մարուքեան Lիբանանահայերուն Հրատապ Օգնութիւն Տրամադրելու Առաջարկով Դիմած է Փաշինեանին

Հայաստան, Սփիւռք

ԱԺ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էդմոն Մարուքեան դիմած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` լիբանանահայերուն հրատապ օգնութիւն տրամադրելու վերաբերեալ առաջարկով: Այս մասին կը յայտնեն կուսակցութեան մամուլի ծառայութենէն:

«Ինչպէս շատերուդ յայտնի է, արդէն տեւական ժամանակ է, որ Լիբանանի Հանրապետութեան մէջ կը շարունակուին զանգուածային ցոյցերն ու անհանգստութիւնները: Լիբանանի այս դրութիւնը կը սպառնայ նաեւ տեղի հայ համայնքին, որ մեծ թիւ կը կազմէ Լիբանանի մէջ, անվտանգութեան:

Այս պայմաններուն մէջ ՀՀ կառավարութիւնը պէտք է սատար կանգնի մեր հարիւր հազարաւոր հայրենակիցներուն` անոնց այս իրավիճակին մէջ մինակ չձգելու համար:

Այսպիսով, մեր կողմէ Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն Հայաստանի մէջ ընդունելու եւ անհրաժեշտ օգնութիւն տրամադրելու հրատապ ծրագիր իրականացնելու առաջարկ ներկայացուած է»,-նշած է Մարուքեան: