ՀՀ Վարչապետը Պաշտօնական Այցով Կը Մեկնի Իտալիա

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Նոյեմբեր 20-22, պաշտօնական այց կը կատարէ Իտալիա։

Վարչապետի այցը կը սկսի Նոյեմբեր 20-ին Վենետիկ քաղաքէն. Նիկոլ Փաշինեան կ’այցելէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի՝ Մխիթարեան միաբանութեան Մայրավանք, ուր հանդիպում կ’ունենայ Մխիթարեան միաբանութեան անդամներու հետ:

Այնուհետեւ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը մեկնի Միլան: Միլանի Հայ Առաքելական Սուրբ Քառասուն Մանկունք եկեղեցւոյ մէջ կը նախատեսուի ՀՀ վարչապետի հանդիպումը հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ: Նիկոլ Փաշինեան կ’այցելէ Միլանի միջազգային քաղաքագիտութեան ուսումնարան՝ ISPI ուղեղային կեդրոն, ուր հանդիպում կ’ունենայ Միլանի քաղաքապետ Ճուզեփփէ Սալայի հետ եւ կը մասնակցի «Dialogue on Future» խորագիրով քննարկման: Միլանի մէջ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կ՝ունենայ Լոմպարտիայի կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ եւ կը մասնակցի հայ-իտալական համատեղ գործարար համաժողովին:

Միլանէն ՀՀ վարչապետը կը մեկնի Հռոմ, ուր հանդիպումներ կ’ունենայ Իտալիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ: Հռոմի Գիճի պալատին մէջ՝ Իտալիոյ վարչապետի պաշտօնական նստավայրէն ներս, տեղի կ’ունենայ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Իտալիոյ Հանրապետութեան նախարարներու խորհուրդի նախագահ Ճուզեփփէ Գոնդէի հետ: Հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու վարչապետները ԶԼՄ ներկայացուցիչներու համար հանդէս կու գան բանակցութիւններու արդիւնքները ամփոփող յայտարարութիւններով: Հռոմի մէջ Նիկոլ Փաշինեան կը հանդիպի նաեւ Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթա Գազելադիի եւ Իտալիոյ արտաքին առեւտուրի ուսումնարանի նախագահ Քառլօ Ֆերոյի հետ։

Հռոմի մէջ կը նախատեսուի նաեւ վարչապետի եւ անոր տիկնոջ այցը Սուրբ Նիկողայոս Հայ Կաթողիկէ եկեղեցի եւ Քահանայապետական Լեւոնեան վարժարան: