Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մշակութային Գործակցութեան Ծաւալումը Հայաստանի Հանրապետութեան Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր բազմակողմանի ծառայու­թիւններուն մէջ, մասնաւորաբար մշակութային մարզը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է։ Արդարեւ Կաթողիկոսարանի ընդհանուր կառոյցին մէջ, զուտ մշակութային արժէք ներկայացնող բաժանմունքներն են՝ Մատենա­դարանը (հնատիպ եւ արդի գիրքեր), «Կիլիկիա» թանգարանը, ձեռագիրները, արխիւները, «Հասկ» ամսագիր պաշտօնաթերթը, «Հասկ» Հայագիտականը, Տպարանը եւ հրատարակ­չական ծրագիրները։

Մշակութային ոլորտէն ներս, Կաթողիկոսութիւնը թէ՛ թեմերու մակարդակին վրայ, եւ թէ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակութա­յին կառոյցներուն հետ սերտ գործակցութեան իւրայատուկ առաքելու­թիւն կ’իրականացնէ ի նպաստ հայ ժողովուրդի մշակութային զարգաց­ման։

Այս մարզէն ներս, Ուրբաթ 8 եւ Շաբաթ 9 Նոյեմբեր 2019-ին, Հ.Հ. Ցեղասպանութեան Թանգարանին մէջ տեղի ունեցած «Հայե­րու Փրկու­թեան Գործը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ 1915-1923 թթ.» գիտաժողովին յանուն Կաթողիկոսու­թեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մատենադարի եւ Հնատիպերու տնօրէն՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, ուր զեկոյց ներկայացուց «Որբանոցէն Կաթողիկոսարան, Կիլիկիոյ Կաթո­ղիկոսութեան հաստատումը Անթիլ­իասի մէջ» վեր­նագրով­։ Սրբազան Հայրը պաշտօնա­կան հանդիպում ունեցաւ «Մաշ­տոց­եան Մատենա­դարան»ի տնօրէնութեան հետ։ Ուրբաթ 8 Նոյեմբեր 2019-ի կէսօրին տեղի ունեցաւ «Փոխըմբռնման Յուշագիր»ի պաշտօնական ստորագ­րութիւն, առաւել սերտացնելու արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող գործակ­ցութիւնը եւ նոր մղում տալու մասնաւո­րաբար հայ ձեռագիրներու, մատենագրա­կան աշխատասիրութիւններու եւ նմանօրինակ նիւթերու հետազօտու­թիւնը։ Սրբազան Հայրը նաեւ այցելութիւններ տուաւ Ցեղասպանութեան Թան­գարան, Ազգային Արխիւ եւ «Կոմիտասի անուան թանգարան» գործակ­ցութեան կարելիութիւններ ու ծրագիրներ պատ­րաստելու առաջադրու­թեամբ։