Նիկոլ Փաշինեան Մասնակցեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 40-րդ Ընդհանուր Ժողովի Աշխատանքներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Աշխատանքային այցելութեամբ Փարիզ գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կեդրոնատեղիին մէջ մասնակցեցաւ կազմակերպութեան 40-րդ Ընդհանուր ժողովի աշխատանքներուն:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ պետական կառավարման համակարգի, ինչպէս նաեւ կրթութեան ոլորտին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն: Նիկոլ Փաշինեան կրթութեան որակի բարձրացումը նկատեց ռազմավարական խնդիր եւ նշեց, որ ոլորտին զարգացումը Հայաստանի կառավարութեան յատուկ ուշադրութեան արժանացած է: Վարչապետը նշեց, որ կրթութիւնը հասարակութեան համար ունի ռազմավարական նշանակութիւն եւ կառավարութեան խնդիրն է նորարարական ծրագիրներու միջոցով խթանել ոլորտի յառաջընթացը եւ բարելաւել ենթակառոյցները:

Այնուհետեւ վարչապետը հարցազրոյց մը ունեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մամլոյ ծառայութեան հետ:

Փաշինեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէն Օտրի Ազուլէի հետ: Վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի միջեւ համագործակցութիւնը եւ վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը կազմակերպութեան կողմէ աշխարհի տարածքին իրականացող մարդասիրական առաքելութիւններուն: Վարչապետը նշեց, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ կայուն համագործակցութեան շարունակական ամրապնդումը եւ կազմակերպութեան հետեւողական ուշադրութիւնը տարածաշրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղղութեամբ:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Հայաստան յանձնառու է կրթութեան խթանման՝ իբրեւ հզօր գործիք երիտասարդ սերունդները խաղաղութեան, երկխօսութեան, մարդու իրաւունքներու, հանդուրժողականութեան եւ ոչ-խտրականով ոգիով դաստիարակելու առումով:

Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը ամբողջական աջակցութիւն կը յայտնէ Երեւանի պետական համալսարանին՝ Կրթութեան եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամպիոն ստեղծելու առաջարկին՝ նշելով, որ կրթութիւնը ցեղասպանութեան կանխարգիլման հզօր գործիք է:

Օտրի Ազուլէն շնորհակալութիւն յայտնեց Փաշինեանին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովին մասնակցելուն համար եւ բարձր գնահատեց Հայաստանի ջանքերը՝ մշակութային հարուստ ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ: Ան նշեց, որ իր գլխաւորած կառոյցը շահագրգռուած է զարգացնելու եւ ընդլայնելու Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը՝ վերը նշուած ուղղութիւններով:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, կազմակերպութեան գործունէութեան նպատակներուն եւ ուղղութիւններուն վերաբերեալ, անդրադարձան յատկապէս գիտութեան, կրթութեան  եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարներուն: