Վալանսի Հայ Մշակոյթի Տան Բացում

Սփիւռք

ՄԱՐԻՆԱ ԿՔ.              

Կիրակի, 27 հոկտեմբեր 2019-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ Վալանսի եւ շրջակայքի Հայ մշակոյթի տան պաշտօնական բացումը` վերանորոգման եռամեայ աշխատանքներէն ետք:

Հանդիսութիւնը նախագահեց Հայ մշակոյթի տան ատենապետ Նազօ Ճինպաշեանը` իր կողքին ունենալով վերանորոգման աշխատանքներու յանձնախումբի անդամներ` Ճորճ Աւետեանն ու Ճորճ Իսասեանը: Վերջինս իր խօսքին մէջ ներկայացուց աշխատանքներու ծրագիրը, որ իր կատարին պիտի չհասնէր առանց պետական եւ նուիրատու անձերու առատաձեռն աջակցութեան:

Ժապաւէնը կտրուեցաւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու ներկայութեամբ: Վերանորոգուած, սպիտակ հագած Մշակոյթի տան մուտքին ճերմակ քողով  ծածկուած ցուցատախտակը  բացուեցաւ Տրոմի նահանգապետ Հիւկ Մութուհի ձեռամբ եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարքի պատուական բարեւով: Իրերայաջորդ կերպով ի յայտ եկան դասարաններու ու զանազան սրահներու ցուցատախտակները, որոնք կը կրէին Հանրի Սիրանեանի, Մարտիրոս Եազճեանի, Զաւէն Պալթայեանի եւ Գրիգոր Պապահէքեանի անունները:

Սոյն հանդիսութեան տեսերիզով ելոյթ ունեցան Վալանսի քաղաքապետ Նիքոլա Տարակոնը եւ Օվերն -Ռոն Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիէն: Իրենց բացակայութեան պատճառն ալ այն էր, որ կը գտնուէին Հայաստան: Անոնք իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայաստանին, Արցախին, ինչպէս նաեւ ֆրանսահայ համայնքին:

Բարեկամութեան եւ զօրակցութեան ուղերձով հանդէս եկան Վերոնիք Փիւժա` առաջին տեղակալ Վալանսի քաղաքապետին, Ֆրանք Սուլինեաք` տեղակալ Տրոմ  նախագահին, Մարլեն Մուրիէ` Պուր-լէ-Վալանսի քաղաքապետ եւ Վալանս-Ռոման քաղաքապետական խորհուրդի փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Միրէյ Քլափօ, Ֆրանսայի Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական Լեւոն Ամիրջանեան եւ Տրոմի նահանգապետ Հիւկ Մութուհ:

Ըստ հայկական տնօրհնէքի աւանդութեան, Հայ մշակոյթի տունը օրհնեցին համայնքի կղերականները:

Հանդիսութեան աւարտին ՀՄՏ «Արարատ» ճաշարանին մէջ կայացաւ ճոխ ընդունելութիւն մը:

Այսպէս, Վալասնի Հայ մշակոյթի տան պատմութեան գիրքին մէջ բացուեցաւ նոր ու սպիտակ էջ: Կը մնայ մաղթել բեղուն գործունէութիւն ու կանաչ ճանապարհ` դէպի վսեմ նպատակի իրագործում, դէպի հայկական մշակոյթի պահպանում եւ ո՛չ միայն…