Բակօ Սահակեան Պրիւքսէլի Մէջ Այցելած է Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Գրասենեակ

Հայաստան, Սփիւռք

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Նոյեմբեր 7-ին, Պրիւքսէլ քաղաքին մէջ այցելած է Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակ, հանդիպած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանի, գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ աշխատակիցներու հետ:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցած տեղեկութիւններով՝ քննարկուած են Արցախ-Սփիւռք կապերուն, եւրոպական տարբեր հարթակներու վրայ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկատւութեան ներկայացման եւ այլ ոլորտներու առնչուող շարք մը հարցեր:

Նախագահը բարձր գնահատած է Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին աշխատանքը՝ ուղղուած Արցախի սատարման, եւ յոյս յայտնած, որ կառոյցը նոյն եռանդով պիտի շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը: