Արայիկ Յարութիւնեանի Հրաժարականը Պահանջող ՀՅԴ ՀԵՄ Բողոքի Ցոյցը Կը Շարունակուի

Հայաստան

ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւնը Հինգշաբթի օրուընէ սկսած բողոքի ցոյցեր կ՛իրականացնէ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականի պահանջով: Այսօր ժամը 11-էն ցոյցը սկսաւ կառավարութեան շէնքին դիմաց:

«Արայիկ Յարութիւնեան սպառած է ինքզինք որպէս նախարար, տապալած է: Նոր նախարարը պէտք է ըլլայ հայամէտ, հայակեդրոն: Փառք Աստուծոյ, մեր մէջ կան շատ հերոսներ, ծանրորդներ, մարզիկներ, որոնց մասին կարելի է լաւ ֆիլմեր նկարել, ուղերձներ յղել երիտասարդութեան: Հայաստանի քաղաքացիութենէն հրաժարած, սեռափոխուած մարդու մասին ֆիլմ ֆինանսաւորելը պրն. Յարութիւնեանի խայտառակութիւնն է եւ պէտք  հրաժարական տայ: Մեր տպաւորութիւն է, որ Արայիկ Յարութիւնեանը խնդիրներ ունի «հայ», «ազգային», «հայ եկեղեցի» եզրոյթներուն հետ եւ հարցազրոյցներու ժամանակ քմծիծաղով կը վերաբերի անոնց». – յայտարարած է ցոյցին մասնակիցներէն Արգիշտի Գէորգեան:

«Մեր պահանջն է իր եւ իր անձնակազմի հրաժարականը: Ջաւախք աշխարհի մէջ մենք ընդհանրապէս զրկուած ենք  հայոց պատմութիւն սորվելէն: Հայաստանի համալսարաններ կ՛ընդունուին հազարաւոր ջաւախահայեր, պարսկահայեր եւ այլն: Անոնք իրենց երկրին մէջ չեն սորվիր Հայոց պատմութիւն: Եթէ մեր բաժանմունքներուն մէջ զանոնք զրկեն Հայոց պատմութենէն, արդա՞ր է ատիկա». – նշած է ցոյցին մասնակցողներէն մէկը:

Ի պատասխան Արայիկ Յարութիւնեանի այն յայտարարութիւններուն, ըստ որուն՝ ՀՅԴ-ն պառակտուած է, կան դուրսի եւ ներսի դաշնակցականներ եւ դուրսի դաշնակցականներուն հետ աւելի հեշտ է, Գէորգեան յիշեցուց ՀՅԴ սփիւռքեան կառոյցներու անդամներու ֆէյսպուքեան տեսաուղերձները` ուղղուած ԿԳՄՍ նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին` հրաժարականի պահանջքով:

Աւելի ուշ ցոյցին միացան նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ուսանողներ: