Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Նշանակալից Յաղթանակ է, Սակայն Ճշմարտութիւնները Պէտք Չէ Անտեսուին

Յօդուածներ – Զրոյցներ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան

2019թ․ Հոկտեմբեր 29-ին, ամերիկահայերը նշանակալից յաղթանակ տարին ԱՄՆ Քոնկրէսէն ներս: 35 տարուան ընթացքին՝ առաջին անգամ՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան փաստերը հաստատող թիւ 296 բանաձեւը։

Ես օգտագործեցի հաստատող եզրոյթը, քանի որ ի տարբերութիւն բազմաթիւ հայ եւ ոչ հայ մեկնաբաններու, առաջին անգամը չէր, որ Միացեալ Նահանգները կը ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Իրականութեան մէջ, ասիկա ամերիկեան կառավարութեան կողմէն հինգերորդ ճանաչումն էր: Ինչպէս անցեալ տարիներուն ես արդէն բազմիցս ըսած եմ, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը առաջին անգամ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1951-ին, երբ պաշտօնական փաստաթուղթ ուղարկած էր Արդարադատութեան միջազգային դատարան (Համաշխարհային դատարան)՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնելով իբրեւ ցեղասպանութեան օրինակ: ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած է 1975 եւ 1984 թուականներուն ընդունուած երկու բանաձեւերով, իսկ նախագահ Ռոնալտ Ռեկըն նախագահական հռչակագիր հրապարակած է 1981թ․ Ապրիլ 22-ին՝ վկայակոչելով Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Տարբեր մեկնաբաններու կողմէն եղած սխալ մեկնաբանութիւններուն մէջ էին այնպիսի յայտարարութիւններ, ինչպէս օրինակ.

  1. «2019թ. Հոկտեմբեր 29-ին Ներկայացուցիչներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը առաջին անգամն էր հարիւր տարուան մէջ, երբ Միացեալ Նահանգները ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը»: Այդպէս չէ եղած․․․ Իրականութեան մէջ, թիւ 296 բանաձեւը ինքնին կը թուարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ԱՄՆ-ի կողմէ բոլոր նախորդ ճանաչումները եւ զայն կը նկարագրէ իբրեւ հաստատում, այլ ոչ թէ ճանաչում:
  2. «Թիւ 296 բանաձեւը կը սահմանէ ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման քաղաքականութիւնը»: Նման բան չէ եղած։ Այս բանաձեւը, անոր նախորդած միւսներուն նման ոչ պարտադիր բանաձեւ է, որ կ՝արտայայտէ պարզապէս Քոնկրէսին կամքը: Ատիկա օրէնք չէ եւ իրաւական հետեւանքներ չունի:
  3. «Թիւ 296 բանաձեւը կը պարտաւորեցնէ Թրամփը օգտագործելու ցեղասպանութիւն եզրոյթը իր յաջորդ ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ»: Նախագահը, ցանկութեան պարագային, կրնայ օգտագործել այլ մեղմասացութիւններ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը նկարագրելու համար, ինչպէս ինքն ու ԱՄՆ այլ նախագահներ ըրած են նախագահ Ռեկընէն ետք:
  4. «Թիւ 296 բանաձեւը թոյլ պիտի տայ հայերուն դատական հայցեր ներկայացնելու ԱՄՆ-ի դատարաններուն մէջ Թուրքիոյ դէմ՝ պահանջելով վերականգնել Ցեղասպանութեան ընթացքին կրած վնասները»։ Ասիկա ճիշդ չէ։ Ինչպէս վերը նշուեցաւ, Քոնկրէսի երկու նմանատիպ բանաձեւերը ընդունուած են 1975 եւ 1984 թուականներուն, որոնք չեն օգնած հայերուն ԱՄՆ դատարաններու մէջ որեւէ դատական գործ շահելու Թուրքիոյ դէմ:
  5. «Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումէն ետք, եթէ ԱՄՆ Ծերակոյտը ընդունի իր համապատասխան բանաձեւը (Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւ), եւ նախագահ Թրամփ ստորագրի զայն, այն ժամանակ այդ բանաձեւը պիտի ստանայ օրէնքի ուժ»։ Ասիկա ճիշդ չէ, քանի որ ինչպէս Ներկայացուցիչներու պալատի եւ այնպէս ալ Ծերակոյտի տարբերակները «առանձին» բանաձեւեր են։ Եթէ Ծերակոյտի տարբերակը նոյնպէս ընդունուի, այն ատեն բանաձեւը չի փոխանցուիր նախագահին ստորագրման համար, քանի որ Պալատի եւ Ծերակոյտի տարբերակաները չեն ներկայացուած իբրեւ «Համատեղ բանաձեւ»:

Այնուամենայնիւ, վերոնշեալ պարզաբանումներէն եւ ոչ մէկը կը կատարուի 2019թ․ Հոկտեմբեր 29-ին ընդունուած թիւ 296 բանաձեւը արժեզրկելու համար։ Ստորեւ ներկայացուած են այն պատճառները, թէ ինչու այս բանաձեւը նշանակալից յաղթանակ է Հայ Դատին համար․

  1. 35 տարի շարունակ Ներկայացուցիչներու պալատէն ներս Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման փորձ կատարելէ ետք, ամերիկահայ համայնքին համար ասիկա նշանակալից ձեռքբերում է՝ վերջապէս կարենալ նման յաղթանակ նշելու։ Հնարաւոր չէ շարունակ պահանջել, որ հայ հանրութիւնը տասնամեակներ շարունակ աջակցի գործի մը՝ առանց ժամանակ առ ժամանակ որոշակի արդիւնքի հասնելու: Այս յաղթանակը պիտի աշխուժացնէ ամերիկահայերը՝ շարունակելու իրենց նուիրուածութիւնը Հայ Դատին եւ աւելի շատ աշխատելու աւելի մեծ նուաճումներու հասնելու համար:
  2. Թէեւ 296 բանաձեւին ընդունումը չի պարտադրուիր Միացեալ Նահանգներու նախագահին, սակայն կը մեծցնէ ճնշումը անոր վրայ, որպէսզի պատշաճ ձեւով ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապրիլքսանչորսեան իր յայտարարութեան մէջ:
  3. Թիւ 296 բանաձեւը նաեւ կը դժուարացնէ Թուրքիոյ կառավարութեան վիճակը՝ շարունակելու Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը:
  4. Տարօրինակօրէն, թիւ 296 բանաձեւի ընդունման Թուրքիոյ ղեկավարներու կոշտ արձագանգները նպաստեցին թուրք ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշեցման։
  5. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունման վերաբերեալ հազարաւոր յօդուածներ, հեռուստատեսային հաղորդումներ եւ հասարակական ցանցերու արձանագրութիւններ օգնեցին աւելի հանրայնացնելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ: Ցեղասպանութենէն ետք աւելի քան 100 տարի անց, արդարութեան համար ճիչը դեռ կը հնչէ հայերու եւ անոնց աջակիցներու աշխուժութեան շնորհիւ։
  6. Թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը եւս մէկ քայլ է Թուրքիոյ եւ համաշխարհային հանրութեան վրայ հայերուն կողմէ ճնշում գործադրելու պայքարին՝ յետագայ քայլեր ձեռնարկելու Ցեղասպանութեան հետեւանքով պատճառուած վնասը հատուցելու համար՝ հակառակ աւելի քան մէկդարեայ ուշացման․․․
  7. Բացի պատմական իրադարձութեան տարեգրութեան ուղղումէն, Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման ուղղուած ջանքերը քաղաքական պայքար են ամերիկահայ համայնքի եւ Թուրքիոյ կառավարութեան ու անոր վճարովի լոպպիստներուն միջեւ, թէ որ կողմը աւելի մեծ քաղաքական ազդեցութիւն ունի Ուաշինկթընի մէջ: Ճնշող մեծամասնութեան յաղթանակը (405 ձայն ընդդէմ 11-ի) Թուրքիոյ ջախջախիչ պարտութեան եւ հայերու լիարժէք յաղթանակի ակնյայտ մատնանիշ է։
  8. Տարիներ շարունակ Թուրքիոյ կառավարութիւնը տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ վատնած է՝ վարձելով ամերիկեան բարձրակարգ լոպպիստական ընկերութիւններ՝ ԱՄՆ Քոնկրէսին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւերուն հաստատումը խափանելու ձախողած փորձերուն համար: Անհնարին է խեղաթիւրել ցեղասպանութիւնը իբրեւ մարդկային արարք, անկախ անկէ, թէ քանի միլիառ տոլար կը ծախսէ Թուրքիան լոպպիստներու վրայ:
  9. Թուրքիոյ պարտութիւնը նաեւ ուղերձ է թրքական հասարակութեան, որ իրենց վճարած հարկերը կը մսխուին իրենց կառավարութեան կողմէ` անհերքելին ժխտելու համար:
  10. Ոմանք թիւ 296 բանաձեւի ընդունումը կը պատճառաբանէին անով, որ Քոնկրէսը օգտուած է Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ լարուած յարաբերութիւններէն: Թէեւ ասիկա ճիշդ է, բայց կան քանի մը հակափաստարկներ.

ա) Քոնկրէսը քաղաքական մարմին է. հետեւաբար, անոր բոլոր քննարկումներն ու որոշումները կը կրեն քաղաքական բնոյթ.

բ) Եթէ չըլլային ամերիկահայ կազմակերպութիւններու եւ ամերիկահայ համայնքի եռանդուն ջանքերը, երաշխիք չկար, որ այդ բանաձեւը յայտնուէր Ներկայացուցիչներու պալատի օրակարգին վրայ: Քանի որ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսը դժգոհ էր Թուրքիոյ կողմէ Հիւսիսային Սուրիա ներխուժումէն, Ներկայացուցիչներու պալատը պիտի գոհանար 2019թ․ Հոկտեմբեր 29-ին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառող բանաձեւ ընդունելով՝ քիւրտերու դէմ իր բարբարոսական յարձակումներուն համար: Սակայն, հայկական աշխուժութեան պատճառով Ներկայացուցիչներու պալատը նոյն օրը ընդունեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը:

գ) Մենք չենք կրնար այնքան միամիտ ըլլալ ակնկալելու, որ որեւէ կառավարութիւն պիտի պաշտպանէ Հայ Դատը, եթէ ատիկա ընելով կը հակասէ իր շահերը։ Միանգամայն տրամաբանական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը կը համընկնէր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ պատճառներով Քոնկրէսի զայրութին հետ։ Փաստօրէն, որքան շատ հայերը կարենան գտնել իրենց շահերը այլ երկիրներու շահերուն հետ համապատասխանելու պատճառներ, այնքան աւելի յաջողակ պիտի ըլլան Հայ Դատի հետապնդման հարցով:

Իբրեւ յաջորդ քայլ, ես յոյս ունիմ, որ ԱՄՆ Ծերակոյտը պիտի ընդունի Ծերակոյտի թիւ 150 բանաձեւը։ Ասիկա կարեւոր է, քանի որ ԱՄՆ Ծերակոյտը երբեք չէ ընդունած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ: Եւ հաւանաբար յաջորդ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը կրնայ վերանայուիլ, բայց այս անգամ իբրեւ «Համատեղ բանաձեւ», որ պիտի նշանակէ, թէ եթէ Քոնկրէսի պալատները բանաձեւը ընդունին, իսկ Նախագահը ստորագրէ զայն, ուրեւն Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը պիտի դառնայ ԱՄՆ օրէնք, եւ ոչ թէ պարզապէս «ոչ պարտադիր» բանաձեւ: Ասիկա Ամերիկայի ապագայ բոլոր նախագահները պիտի պարտաւորեցնէ օգտագործելու Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրոյթը իրենց ապրիլքսանչորսեան ուղերձներուն մէջ կամ որեւէ այլ առիթով։

 

Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը