Մոնթէվիտէոյի ՀՕՄ-ի Ռուբինա Մասնաճիւղը Նշեց Իր 85-ամեակը

Սփիւռք
Մեծ Եղեռնէն հազիւ ճողոպրած և իրենց շունջը Ուրուկուայի մայրաքաղաք Մօնթէվիտէոյի մէջ արած երեք երիտասարդուհիներ, Հայկուհի Ստեփանեան, Վիգթորիա Ահարոնեան և Սիրվարդ Կիւլեան, 1934-ին հիմը կը դնեն ՀՕՄ-ի Ռուբինա մասնաճիւղին, անտեսելով բոլոր դժուարութիւններն ու խոչընդոտները որ իրենց առջև ցցուած էին։
Ուրուկուայ ժամանող հայ գաղթականներու թոհուբոհի տարիներն էին, ուր նոր կը կազմակերպուէր գաղութը, երբ իրենց Հայրենիքն ու քաղաքներ կորսնցուցած վերապրած սերունդի անդամներ, իրար կը գտնէիև հայրենակցական միութիւններ հիմնելով, ձեւով մը կը մխիթարուէին։

Նման մթնոլորտի մէջ է ահա, այդ երեք համարձակ և հայրենակարօտ երիտասարդուհիներու կողմէ հիմնուած ՀՕՄ-ի Ռուբինա Մասնաճիւղը, նաւարկելով հոսանքն ի վեր հասած է իր 85-րդ տարուան։

Այսօր երբ հեռաւոր ժամանակի վրայ ակնարկ մը կը նետենք, մտաբերելով անցած ուղին, պարծանքով կ՛արձանագրենք որ ունինք լաւ կազմակերպուած, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող ՀՕՄ-ի միաւոր մը, որ ոչ միայն գաղութային այլև երկրի մէջ առողջապահական և ընկերային ոլորտներու աշխատանքներուն դերակատար է, ինչ որ պետական այդ կառոյցներու գնահատանքին արժանացած է, իր ցոյց տուած օժանդակութիւններու կապակցութեամբ։

85-ամեակի տօնակատարութեան համար ընտրուած էր *Լօս թիլօս* կոչւող ագառակը որ նման հաւաքներու համար յատուկ տարածք կը տրամադրէ։

ՀՕՄ-ի Ռուբինա Մասնաճիւղի ատենապետուհի Պէաթրիս Պատանեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, ՀՕՄ-ի խօսքը փոխանցեց փոխ-ատենապետուհի Տիանա Պոյաճեանը, որմէ ետք հրաուիրեց Հարաւային Ամերիկայի ՀՕՄ-ի Շրջ. վրչ. ատենապետուհի Կրասիելա Գեւորգեանը, որ յատկապէս Արժանթինէն ժամանած էր, իր յարգանքի ուղերցը փոխանցելու այս կարեւոր հանգրուանին։
Ուրուկուայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յակոբ Արք. Գլընճեանն ալ իր խօսքի մէջ յիշեց իր մանկութեան օրերուն, իր ծննդավայր գիւղի Քեսապի մէջ ՀՕՄ-ի ծաւալած գործունէութեան, ինչ որ մինչեւ այսօր տպաւորուած կը շարունակէ մնալ ՀՕՄ-ի կողմէ տարւող աշխատանքներուն։

Գեղարուեստական բաժնով ելոյթ ունեցան հանրածանօթ տուտուկի վարպետ Սարօ Դանիէլեանը, իր հետ ունենալով մեր գաղութի մէջ յայտնի երաժիշտներ, դաշնակահար և խմբավար Ալվարօ Յակոբեան, քէմանչահար Նժդէհ Պոյաճեան, տհոլի կատարողներ Էտկար Աթթարեան և Ռաֆֆի Կիւլեան, ինչպէս նաև հանրայայտ թէնօր Յակոբ Պոյաճեան, որոնք թէ ժողովրդական և թէ ազգային երգերով մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեցին ներկաներու մէջ։

Այս հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաև Համազգայինի Շիրազ Պարախումբը որ իր ժովորդական պարերով ջերմ ծափողջոյններով ընդունուեցաւ, իր գեղարուեստական ղեկավար և պարուսոյց Վահրամ Հաբարձումեանի ցուցմունքներով։

Տեղի ունեցաւ նաև ՀՕՄի այս տարուայ կրթադոշակի յանձնում մեր շրջանի երկու ուսանողներու, Հայրենիք Սանդուրեանին և Կապրիէլ Պարսամեանին, ձեռամբ ՀՕՄ-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջ. Վարչութեան Ատենապետուհիին։

Տօնախմբութեան վերջաւորութեան մեծարանք կատարուեցաւ այն երեց ՀՕՄուհիներուն, որոնք 80 տարիէ ի վեր մեծ վաստակ ունեցած են իրենց անշահախնդիր աշխատանքով, անոնք են, Ալիսիա Կիւլեան, Ազատ Զէյթունցեան, Գնարիկ Տէր Մարգարեան, Մելինէ Սարգիսեան, Վիգթորիա Շէհէրլեան և Վարդուհի Կէօվաննէսեան, որոնք այս տօնախմբութեան կնքամայրերը հռչակուեցան և իրենց տրուեցաւ յօբելինական կարկանդակը հատելու պատիւը։

Կարօ Հէքիմեան