Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Հայաստանի Զարգացման Ծրագիրներուն

Աշխարհ, Հայաստան

Գիւմրիի մէջ, Նոյեմբեր 4-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, Եւրոպական Միութեան դեսպան Անտրիա Վիքթորի հաստատեց, որ միութիւնը 2020 թուականին եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի հիւսիսային մարզերու զարգացման ծրագիրներուն: Ըստ անոր՝ ինչպէս նախապէս, նաեւ յաջորդ տարի անոնք պիտի ընդգրկեն հանրապետութեան հիւսիսային 3 մարզերը՝ Շիրակ, Լոռի եւ Տաւուշ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Armenpress.am-ը։

«Ընդհանուր առմամբ, տարածքային զարգացման վերաբերող մեր ծրագիրները շատ են: Պիտի աջակցինք տարածքային զարգացման ընթացքի խթանման, պիտի տրամադրենք աջակցութիւն տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն, գործարար համայնքին եւ հասարակական կազմակերպութիւններու զարգացման: Յաջորդ տարի մենք Հայաստանի կառավարութեան հետ կ՛որոշենք աջակցութիւն վայելող ծրագիրներու յստակ ուղղութիւնները», ըսաւ ան։

Խօսելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն աջակցելու մասին՝ Անտրիա Վիքթորին նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան։ «Թէ՛ կառավարութեան, թէ՛ Ազգային ժողովի հետ քննարկումներուն ընթացքին նկատեցի ուժեղ կամք՝ փոխելու այս երկիրը: Մենք միշտ պատրաստ ենք աջակցելու Հայաստանի կառավարութեան՝ թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ բնապահպանութեան, թէ՛ ուժանիւթի արդիւնաւէտութեան եւ թէ կր-թութեան: Այս բոլորը առաջնահերթութիւն են, եւ մենք կ՛աջակցինք ո՛չ միայն գաղափարներուն, այլ նաեւ կ՛օգնենք անոնց իրականացման՝ ապահովելով լիարժէք ֆինանսաւորում: Եւ այդ առումով մենք կը խթանենք համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան ու կառավարութեան միջեւ եւ անոր առանցքին կը տեսնենք մեր համագործակցութիւնը հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մասնաւոր հատուածին միջեւ», նշեց դեսպանը:

Անտրիա Վիքթորին նաեւ հաստատեց, որ միութիւնը ո՛չ միայն հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ դատական համակարգի բարեփոխումներու իրականացմամբ, այլ նաեւ կ՛աջակցի անոր, որպէսզի կառավարութեան նախատեսած բարեփոխումները եւ կայուն ժողովրդավարական կարգերու ստեղծումը իրականանան։

Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը շատ սերտօրէն եւ ուշադրութեամբ կը հետեւի դատական համակարգի ներքին բարեփոխումներուն վերաբերող զարգացումներուն եւ դատական գործերու քննութեան, բայց այդ գործերուն վերաբերող մեկնաբանութիւն չի տրամադրեր։