Արա Կիւլէրի Գործերը Նիւ Եորքի Մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Յ. Պալեան

Հոկտեմբերի անձրեւոտ օր մը, Նիւ Եորքի աղմկոտ գետնուղիով, քարտէս դիտելով, հասանք չեմ գիտեր ո՞ր թիւ պողոտան, դուրս եկանք ընդյատակէն, եւ պատերը եզերելով մենք մեզ գտանք Alexander Hamilton U.S Custom House թանգարանին առջեւ:

Աշխարհ մըն է այս թանգարանը, կարելի է հոն թափառիլ մէկ սրահէ միւսը, գտնել բազմաթիւ ուրիշ ցուցահանդէսներ աշխարհներու եւ ընկերութիւններու մասին: Վերադառնալ յաջորդ օրը:

Արա Կիւլէրի գործերու ցուցահանդէսը պիտի տեւէր տասը օր, 23 սեպտերբերէն 04 հոկտեմբեր:

Ազգային զգացականութեան բաւարարութիւն տալու համար եկած էինք թանգարան: Հռչակաւոր արուեստագէտ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի գործերը կը ցուցադրուէին իր մահէն տարի մը ետք, արուեստի աշխարհի այս մեծ  կեդրոններէն մէկուն մէջ:

Տարի մը առաջ մահացած Արա Կիւլէր ծնած է 1928ին, յաճախած է Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը: Հայկական թերթերու մէջ լոյս տեսած են իր պատմուածքները եւ հարցազրոյցները: Հետեւած է թատերական դասընթացքներու, տնտեսագիտութեան, բայց որոշած է ըլլալ լրագրող լուսանկարիչ: 1950-էն մինչեւ իր մահը, ան հանդիսացած է իր ասպարէզի ամենէն փայլուն միջազգային արժէքով դէմքերէն մին, ստացած է մրցանակներ: Աշխատակցած է Թուրքիոյ կարեւոր հրատարակութիւններուն, բայց նաեւ եւրոպական եւ ամերիկեան մեծ թերթերուն: 1961-ին հռչակուած է աշխարհի եօթը լաւագոյն լուսանկարիչներէն մին: Տիրացած է նաեւ այլ տիտղոսներու: Camera հանդէսը բացառիկ մը հրատարակած է Արա Կիւլէրի մասին: Հրաւիրուած է Միացեալ Նահանգներ, լուսանկարած է յայտնի դէմքեր: Ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ:

Հարցազրոյց ունեցած եւ լուսանկարած է կարգ մը մեծեր, ինչպէս Պերթրանտ Ռասըլը, Ուինսթըն Չըրչիլը, Առնոլտ Թոյնպին, Ուիլեամ Սարոյեանը, Սալվատոր Տալին, եւ ուրիշներ:

Թաղուած է Պոլիս, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատունը: Պոլսահայութիւնը նշած է իր մահուան տարելիցը:

Մտանք թանգարան: Քիչ մը թափառելով եւ հարցնելով, հասանք բոլորակաձեւ սրահ մը, ուր կողք կողքի շարուած էին Արա Կիւլէրի նկարչական գործերը: Սեղանին վրայ կային այս առիթով լոյս տեսած գեղատիպ պրակի մը բազմաթիւ օրինակները: Գրութիւնը կը ներկայացնէր Արա Կիւլէրը, անոր ուսման տարիները, կը յիշէր, որ ան Պոլսոյ հայկական Կեդրոնական վարժարանի աշակերտ եղած էր:

Ուշագրաւ էր, որ պրակի ներածականը, պրակի մէկ էջը, անգլերէնով, ստորագրած էր Թուրքիոյ նախագահ Ռեչէփ Էրտողան: Ցուցահանդէսը ներկայացուած էր Թուրքիոյ նախագահութեան կողմէ: Պրակին մէջ տրուած ծանօթութիւնը կ’ըսէր, թէ Արա Կիւլէր Թուրքիան ծանօթացուց աշխարհին: Այս վերաբերումը ենթակայական ձեւով չեմ մեկնաբաներ: Հայ արուեստագէտ-լուսանկարիչ մը ներկայացուած էր այդ ներածականով, առանց ըսելու որ ան հայ էր:

Իսթանպուլ դարձած Կոստանդնուպոլսոյ կեանքը եւ երանգները բանաստեղծի աչքով նկարած է Արա Կիւլէր: Արդէն, ինչպէս ըսի, Կեդրոնականը աւարտած է, ան հայերէն պատմուածքներ ալ գրած է օրուան հայկական մամուլին մէջ, ապա մտած է շարժանկարի աշխարհ, եւ ի վերջոյ ընդգրկած է մամուլի նկարիչի (photographe de presse) ասպարէզը:

Ձկնորսները Արա Կիւլէրի աչքով

Ձկնորսներ ներկայացնող լուսանկարին առջեւ կանգ առի, դիտեցի: Պոլիսը ինծի ծանօթ է հայ գրողներու եւ մեր պատմութեան դրուագներով: Չեմ կրնար ըսել, թէ ո՞ւր կը գտնուէին այս ձկնորսները, երբ զանոնք նկարած է Արա Կիւլէր, բայց յիշեցի հայկական Սամաթիան եւ իր հայ ձկնորսները, պարզ մարդիկ, որոնք հայութիւն պահած էին, եւ երբեմն ալ հերոսացած:

Արա Կիւլէրը կոչած են «Պոլսոյ աչքը»: Արդարեւ, իր բազմաթիւ լուսանկարներուն մէջէն կը տեսնենք Պոլիսը, հին եւ նոր, իր ծովերով եւ նաւերով, իր պատմութեամբ: Իր լուսանկարներով ան եղած է նոր օրերու Պոլսոյ պատմագիրը: Աշխատակցած է նաեւ միջազգային մեծ թերթերու եւ պարբերականներու, Time, Life, Paris Match, Stein, եւայլն: Նկարները հրատարակուած եւ նաեւ ալպոմներով:

Արա Կիւլէրի նկարները ցուցադրուած են մեծ քաղաքներու մէջ, Փարիզ, Թոքիօ, եւ ի հարկէ՝ Երեւան:

Անոնք որոնք Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսներուն ներկայ չեն եղած, համացանցի վրայ կրնան գտնել իր նկարները:

Արա Կիւլէր եւ միւս մեծ լուսանկարիչը՝ Եուսուֆ Քարշ, հայ մարդ էին, իրենց տաղանդով տիրացած էին մեծ համբաւի: Թուրքիոյ նախագահը կ’ըսէ, որ Արա Կիւլէր, իր նկարներով եւ ցուցահանդէսներով «Թուրքիան ծանօթացուց» միջազգային հրապարակի վրայ: Նոյնը կրնանք ըսել այլ երկինքներու տակ ապրած Եուսուֆ Քարշի համար:

Եւ ինչպէ՞ս չմտածել այն մասին, որ այս հայ տաղանդաւոր մարդիկ չծառայեցին, աւելի ճիշդ, չկրցան ծառայել հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի պանծացման: Չկրցան ծառայել, ուրիշներ ալ այդպէս պիտի ապրին, քանի որ հայը հայրենահանուած է, բռնագրաւած են անոր տունը եւ հողը, հայրենիքը, եւ հայու տաղանդն ու ստեղծագործութիւնը հոսած են օտարներու աւազանին մէջ, մեզի ձգելով անոնց «ծագում»ով մխիթարուելու սնափառութիւնը:

Ասոնք մսխուած եւ մսխուող հայ տաղանդներու նմուշներն են: Օր մը կը կազմե՞նք ցանկը այս փառաւորուած եւ փառաւորուող կորուստներուն, անոնք ըլլան գրողներ, նկարիչներ, երաժիշտներ, գիտնականներ, մարզիկներ:

Երբ կը դիտէի,  պատերէն խօսող Արա Կիւլէրի Պոլսոյ նկարները, մտքիս մէջ կը տողանցէին Գրիգոր Զօհրապի, Երուխանի, Մեծարենցի, Դուրեանի, եւ ուրիշներու Պոլսոյ եւ Սկիւտարի մարդիկն ու գոյները: Ծովը, նաւերը, եւ Գրիգոր Զօհրապի Ճիտին պարտքը պատմուածքի դժբախտ հերոսին ջուրերու վրայ ծփացող մարմինը:

Մենք ապրած ենք ցեղասպանութիւն: Կը շարունակենք ապրիլ տաղանդներու օտարում, որ վերջին հաշուով մշակութասպանութիւն է, քանի որ հայուն պարտադրած են իր միտքի եւ տաղանդի լոյսին տէր չկարենալ ըլլալ:

Թուրքիոյ նախագահը, իր ներածական խօսքին մէջ կ’ըսէ, որ «իր մեծ գործերով եւ ձեռքով, ան արուեստագէտ է մեզի եւ աշխարհի համար»:

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի շրջանաւարտ եւ հայերէն գրականութիւն փորձած Արա Կիւլէր, մամուլի մեծ լուսանկարիչ եղաւ:

Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի զաւակին համար, ցեղասպանութիւն գործած ժողովուրդին նախագահը կ’ըսէ. «… Արա Կիւլէր անսահմանօրէն նպաստեց Թուրքիոյ պանծացման, Ara Güler… contributed immensely to the promotion of Turkey…

Ինչպէ՞ս չհիանալ եւ ինչպէ՞ս չտխրիլ…

Թանգարանի այցելուները ինչպէ՞ս կրնան հասկնալ Արա Կիւլէրի նկարները դիտող հայ այցելուին հոգեկան խռովքը…

Երկար մնացի եւ դիտեցի լուսանկարները: Մարդիկ, փողոցներ, տուներ, ուր զարգացած է պոլսահայութիւնը, ուր ծնած եւ ծաղկած են հայկական վարժարաններ, ուր ձեւաւորուած է արեւմտահայերէնը եւ իր փառքը նուաճած է արեւմտահայ գրականութիւնը:

Յուսացի, որ այդ մեծ քաղաքէն հայու մը կը հանդիպիմ, որ եկած ըլլայ իր տաղանդաւոր հայրենակիցին հանդիպելու:

Նոյն օրը, երբ կը խօսէինք Արեւելեան Եւրոպայէն Նիւ Եորք հասած երէց սերունդէն հայու մը հետ, ըսինք, որ մէկ օր վերջ կ’աւարտէր ցուցահանդէսը: Երբ կրկին զինք տեսանք, ըսաւ որ գացած եւ տեսած էր Արա Կիւլէրի գործերը:

Եւ կրկին մտորում. ինչպէ՞ս տեղեկութիւնը հասցնել իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ, որպէսզի մէկութիւն ապրինք…