Ռուսական Սու-30ՍՄ Մարտական Կործանիչները Հայաստան Պիտի Հասնին Տարեվերջը Կամ 2020-ի Սկիզբը

Աշխարհ, Հայաստան

Ռուսական արտադրութեան Սու-30ՍՄ բազմագործառոյթ կործանիչները Հայաստան պիտի հասնին այս տարեվերջ կամ միւս տարուան առաջին երկու ամիսներու ընթացքին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին ՀՀ ազգային ժողովի մէջ լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Օդանաւերը պիտի հասնին կամ Դեկտեմբերին կամ Յունուար-Փետրուար ամիսներուն»,-ըսած է նախարարը ու աւելցուցած՝ ինչպէս որ նախատեսուած է:

Նախապէս յայտնի դարձած էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ՛աշխատի ռուսական Սու-30ՍՄ կործանիչներ գնելու ուղղութեամբ: