Ուսանողական Միջազգային Գիտաժողովը՝ նուիրուած Արցախի Պետական Համալսարանի 50-ամեակին

Հայաստան

Արցախի պետական համալսարանի 50-ամեակին նուիրուած` Ստեփանակերտի մէջ Նոյեմբեր 4-ին սկիզբ առաւ երկօրեայ ուսանողական միջազգային գիտաժողովը:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ԱրՊՀ տնօրէն Արմէն Սարգսեան գիտաժողովի բացում խօսքին մէջ նշեց, որ մայր համալսարանի 50-ամեակը, կարծես թէ, շուրջ կէսդարեայ մաքառումներու ճանապարհ է` իր դժուարութիւններով, խոչընդոտներով, յաջողութիւններով եւ թերացումներով, սակայն ամբողջ այդ ճանապարհը ԱրՊՀ-ն անցած է փառապանծ ուղիով:

«ԱրՊՀ-ի գլխաւոր մասնաշէնքը հիմնանորոգման մէջ կը գտնուի, եւ թերեւս ատիկա է պատճառը, որ մենք հնարաւորութիւն չունեցանք այս տարի նշելու համալսարանի 50-ամեակը բոլոր ուղղութիւններով, սակայն ատիկա չի խանգարեր, որպէսզի ԱրՊՀ գիտական խորհուրդը 2019-2020 ուսումնական տարին հռչակէ որպէս մայր բուհի (բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն) 50-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու տարի: Միջազգային գիտաժողովին կը մասնակցին շուրջ 150 ուսանողներ Երեւանի պետական, Հայաստանի պետական տնտեսագիտական, Հայ-ռուսական (Սլաւոնական), Գորիսի պետական, Վանաձորի պետական, Հայաստանի պետական մանկավարժական, Գաւառի պետական, Մերձդնեստրի Շեւչենկոյի անուան պետական, հեռակայ կարգով նաեւ Ռուսիոյ, Հարաւային Օսիոյ, Աբխազիոյ տարբեր համալսարաններէ»,- ըսած է Սարգսեան:

Գիտաժողովի մասնակիցներուն ողջունած է ԱՀ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, ԱՀ պետական նախարար, Արպհ խորհրդի նախագահ Գրիգորի Մարտիրոսեան:

Վերջինս իր խօսքին մէջ նշած է․ «Խորհրդային տարիներուն բաւական բարդ ժամանակաշրջանի մը ուսանողական հասարակութիւնը եղած է ազգային արժէքներու պահպանման կարեւորագոյն կեդրոնը: Այնտեղ միաբանուած հայ մտաւորականութիւնը եւ ուսանողութիւնը պատիւով դիմակայած է Պաքուի իշխանութիւններու գիտակրթական դաւադիր քաղաքականութեան: Իսկ Արցախեան շարժման տարիներուն բարձրագոյն հաստատութիւնը գաղափարական կեդրոններէն էր, ուր կեդրոնացուած էր երիտասարդութեան շարժիչ ուժը: Յարգանքով ու խոնարհումով կը յիշենք բոլոր այն ուսանողները, որոնք գրիչը փոխարինած են զէնքով եւ անհնարինը ըրած` պաշտպանելով հայրենիքը, հերոսանալով ու ապրեցնելով ազատութեան գաղափարը»։

Գիտաժողովի մասնակիցներուն ուղերձ յղած է Նորանկախ հանրապետութիւններու համալսարաններու միութեան ղեկավար, Մերձդնեստրի պետական համալսարանի տնօրէն, փրոֆէսոր Սթեփան Պերիլը:

Ներկայացուած է նաեւ համալսարանի 50-ամեայ գործունէութեան մասին պատմող ֆիլմ: Այնուհետեւ տեղի ունեցել  լիագումար նիստը, որուն զեկուցումներով հանդէս եկած է ԱրՊՀ փոխտնօրէն Վիտիա Եարամիշեան (Արցախի մայր բուհի 50-ամեայ գործունէութիւնը), Վանաձորի պետական համալսարանի ուսանողուհի Շուշան Ներսիսեանը («Հայր» հասկացոյթի իմաստային ընկալումները), Հայ-ռուսական համալսարանի ուսանողուհի Անժէլիկա Առուշանեանը(Միջազգային դատարաններու դերը միջազգային վէճերու խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ), ԱրՊՀ ուսանողուհի Թամար Գրիգորեանը (Ժամանակակից դրամատնային համակարգ եւ գաղտնի արժէքներ):

Գիտաժողովը պիտի շարունակուի նաեւ վաղը, եւ «Մատենադարան-Գանձասար» գիտամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի պիտի ունենայ մասնակիցներուն հաւաստագիրներու յանձնման ու գիտաժողովի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: