Մասիս Մայիլեան Մոսկուայի Մէջ Ներկայ Գտնուած է Արցախի Մշակոյթին Նուիրուած Ձեռնարկներուն

Հայաստան, Սփիւռք

Կարճատեւ աշխատանքային այցով Մսկուա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանի եւ Ռուսիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեանի հետ Նոյեմբեր 3-ին ներկայ գտնուած է արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսին եւ Ստեփանակերտէն «Վելանս» երգչախումբի համերգին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են նաեւ Ռուսիայէն, Պելառուսիայէն, Վրաստանէն, Հնդկաստանէն եւ այլ երկիրներէ նկարիչներու կտաւները` ստեղծուած Արցախի մէջ:

Արցախի մշակոյթին նուիրուած օրը տեղի ունեցած է Մոսկուայի «Թուային գործնական հարթակ» ժամանակակից համալիրին մէջ` «Հայկական մշակոյթի աշնանային շրջան» փառատօնի ծիրէն ներս: