Ուխտի Տարեդարձ Կուտինայի մէջ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Հունտը չի մոռնար իր ինկած հողը։ Ծիլ կ՚արձակէ, կ՚աճի, կը ծաղկի, պտուղ կու տայ, բայց չուրանար իր ինկած հողը։ Մարդ էակն ալ նոյնն է։ Չէ որ հողէն եկած էինք եւ հող պիտի դառնայինք։ Կարծես հողն ալ չի մոռնար իրեն դպչողը, կը պահէ անոր ոտնահետքը։ Նախնիների ծագումով Բաղիշեցի Սոֆիա Քալանթարարեան Ղալամքարեան Կոմիտասի ծննդեան 150 ամեակը նշեց անոր ծննդավայր՝ Կուտինայի մէջ։ Ապա շարունակեց ճանապարհը դէպի նախնեացս «էրկիր» Բաղէշ։ Վերադարձին ահագին բան ունէր պատմելու եւ մենք սիրով լսեցինք զինք։

ԼՈՒՍՅԷՆ ՔՈՓԱՐ

Նախ սկսինք ձեզ ճանչնա­­­լով։

Ես Սո­­­ֆիա Քա­­­լան­­­թա­­­­­­­րեան Ղա­­­լամ­­­քա­­­­­­­րեան, ծնած եմ Վա­­­նաձոր։ Հոն ապ­­­րած եւ այնտե­­­ղէն Թուրքիա այ­­­ցե­­­­­­­լու­­­թեան եկած եմ։ Վա­­­նաձո­­­րի ման­­­կա­­­­­­­վար­­­ժա­­­­­­­կան հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի , անգլիական բաժ­­­նի ու­­­սուցիչ եմ։

Ին­­­չո՞ւ եկաք հոս։ Ին­­­չո՞ւ Թուրքիա, ին­­­չո՞ւ Պո­­­լիս։

Ես Կո­­­միտա­­­սի ծննդեան 150 ամեակի առի­­­թով եկայ։ Իմ վա­­­ղեմի երա­­­զանքն էր Կու­­­տի­­­­­­­նան տես­­­նել։ Ու­­­զե­­­­­­­ցի այս առի­­­թը օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծել եւ գալ ու տես­­­նել Կու­­­տի­­­­­­­նան եւ Պիթ­­­լի­­­­­­­սը։ Եկայ Կու­­­տի­­­­­­­նա, Բո­­­լորը ի հար­­­կէ զար­­­մա­­­­­­­նում էին, յատ­­­կա­­­­­­­պէս զա­­­ւակ­­­ներս չէին ու­­­զում որ ես մի­­­նակ գամ։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ լսած էին թէ Պիլ­­­թի­­­­­­­սը վտան­­­գա­­­­­­­ւոր է մի­­­նակ ճամ­­­բորդե­­­լու հա­­­մար։ Բայց ես անդրդո­­­ւելի էի իմ որոշ­­­ման մէջ։ Պէտք էր ան­­­պայման Սեպ­­­տեմբե­­­րի 26-ին լի­­­նեմ Կու­­­տի­­­­­­­նա։ Որ­­­պէս Կո­­­միտա­­­սի ծննդեան օրը։

Ան­­­պայման 150 ամեակը ին­­­չո՞ւ հոս տօ­­­նել ու­­­զե­­­­­­­ցիք։ Դուք ծրա­­­գիրո՞վ մը հոս էք։

Բա­­­ցար­­­ձակ այդպէս բան մը չկայ։ Ոչ մի ծրա­­­գիր, ոչ մի նա­­­խաձեռ­­­նութիւ­­­նով չեմ եկած։ Ես ան­­­ձամբ եկայ։ Բայց օժան­­­դա­­­­­­­կող­­­ներ շատ եղան։ Անոնք շատ շատ էին, որ ես իմ ուխտը կա­­­տարեմ։ Որ­­­դիս Ան­­­գա­­­­­­­րայի քոն­­­ֆե­­­­­­­րան­­­սի ժա­­­մանակ կո­­­լէկա­­­ներէն մէ­­­կուն տե­­­ղեկա­­­ցու­­­ցած էր իմ ուխտի մա­­­սին, իմ ցան­­­կութեան մա­­­սին։ Միակ բանն էր որ խնդիր էր մե­­­զի հա­­­մար իմ անվտան­­­գութիւ­­­նը ու ապա­­­հովու­­­թիւնը։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ ես առան­­­ձին պի­­­տի ըլ­­­լա­­­­­­­յի։ Իրենք շատ պատ­­­րաստա­­­կամ Թոմ­­­րիս Թու­­­րմէն, որ Ան­­­գա­­­­­­­րայի մի­­­ջազ­­­գա­­­­­­­յին ման­­­կա­­­­­­­կան կեդ­­­րո­­­­­­­նի նա­­­խագահն է եւ մի անուն եւս տոք­­­թոր Այ­­­շէկիւլ Էսին։ Իրենք ամէն ինչ ըրին, որ ինչ որ մէ­­­կը ին­­­ծի հետ ըլ­­­լայ, որ­­­պէսզի իմ անվտան­­­գութիւ­­­նը ապա­­­հովո­­­ւի։

Այ­­­շէկիւլ գտաւ փրոֆ. Պաս­­­քըն Օրա­­­նին, ան զան­­­գեց Երո­­­ւանդ Տան­­­ձի­­­­­­­կեանին… այդպէս դո­­­մինո­­­յի նման շա­­­րան մը հիւ­­­սո­­­­­­­ւեց եւ զիս ներգրա­­­ւեց։ Առա­­­ջար­­­կե­­­­­­­ցին Պես­­­սէի ու­­­ղեկցու­­­թիւնը։ Ես Պես­­­սէին չեմ ճանչցած մին­­­չեւ Կու­­­տի­­­­­­­նա։ Մենք իրար հետ ծա­­­նօթա­­­ցանք օդա­­­կայա­­­նը Կու­­­տի­­­­­­­նա եր­­­թա­­­­­­­լու ժա­­­մանակ։

Ես եւ Պես­­­սէ ոչ մի ծա­­­նօթ ու­­­նէինք Կու­­­տի­­­­­­­նա։ Ո՛չ մի հեն­­­ման կէտ չու­­­նէինք։ Ո՛չ մի բռնո­­­ւելիք տեղ ու­­­նէինք։ Մեզ հա­­­մար լրիւ ան­­­ծա­­­­­­­նօթ քա­­­ղաք էր։ Միակ ծա­­­նօթը Կո­­­միտասն էր։ Իրեն շուրջը, ին­­­քը մեզ հետ… եւ ամէն քայ­­­լա­­­­­­­փոխին նո­­­րից մար­­­դիկ ներգրա­­­ւուե­­­ցին անընդհատ։ Մենք գա­­­ցինք Կու­­­տի­­­­­­­նայի Տումլու­­­փը­­­­­­­նարի Պե­­­տական Հա­­­մալ­­­սա­­­­­­­րանի երաժշտա­­­նոցը։ Այնտեղ հան­­­դի­­­­­­­պեցանք տե­­­սու­­­չին։ Տե­­­սուչ Լե­­­ւենդ Մեր­­­ճին ող­­­ջունեց մեզ, հրա­­­ւիրեց երաժշտա­­­կան ու­­­սուցիչ­­­նե­­­­­­­րը եւ ծա­­­նօթա­­­ցուց մեզ։ Շատ դրա­­­կան զրոյց մը տի­­­րեց։ Իրենք չգի­­­տէին Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին։ Երբ որ մենք ըսինք ՈՒ­­­ՆԷՍՔՕ-ն այս տա­­­րի հռչա­­­կած է Կո­­­միտա­­­սի տա­­­րի, շատ հա­­­ճելիօրէն զար­­­մա­­­­­­­ցան։ Երաժշտա­­­նոցի տե­­­սու­­­չը մեզ ըն­­­դունեց եւ լսեց մեր պատ­­­մածնե­­­րը։ Իս­­­կոյն ար­­­դէն մտան ին­­­թերնեթ եւ տե­­­ղեկու­­­թիւններ իմա­­­ցան Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին։ Ամէն վայրկեան Կո­­­միտա­­­սի հետ առնչո­­­ւած նոր գա­­­ղափար էր ծնում, որ մենք միասին ինչպէս պէտք է Կո­­­միտա­­­սը ծա­­­նօթաց­­­նենք ամ­­­բողջ Կու­­­տի­­­­­­­նա։

Ան­­­ծա­­­­­­­նօթ քա­­­ղաքի մը մէջ ինչպէ՞ս գտաք Կո­­­միտա­­­սի տու­­­նը։

Ձիւ­­­նագնդի նման աճե­­­ցաւ մեր տե­­­ղեկու­­­թիւննե­­­րը։ Որ­­­տեղ որ կը մնա­­­յինք հիւ­­­րա­­­­­­­նոցը, ես պա­­­տահա­­­կան պատ մը հաւ­­­նե­­­­­­­ցայ եւ առ­­­ջե­­­­­­­ւը կե­­­ցայ, որ Պես­­­սէն ին­­­ծի նկա­­­րէ։ Տղա­­­մարդ մը տե­­­սաւ ինձ եւ մօ­­­տեցաւ «Տո­­­ւէք ես ձեզ նկա­­­րեմ» ըսե­­­լով։ Այդ մար­­­դը մեզ հետ խօ­­­սեցաւ, թէյ մը խմե­­­ցինք եւ եր­­­կար զրու­­­ցե­­­­­­­ցինք։ Մենք պատ­­­մե­­­­­­­ցինք որ ին­­­չու եկած ենք, պատ­­­մե­­­­­­­ցինք Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին եւ այլն։ Ին­­­քը մե­­­զի ու­­­ղարկեց Հնա­­­գիտու­­­թեան թան­­­գա­­­­­­­րան ու Հնա­­­գիտու­­­թեան ինստի­­­տուտ։

Կո­­­միտա­­­սի շունչը մեզ ու­­­ղեկցում է եւ գա­­­ղափար­­­նե­­­­­­­րու իմաս­­­տով եւ գոր­­­ծո­­­­­­­ղու­­­թիւննե­­­րու իմաս­­­տով։ Կար­­­ծես երկնա­­­կամ ու­­­ժեր էին աշ­­­խա­­­­­­­տում։ Չեմ կար­­­ծեր, որ մեր առան­­­ձին ու­­­ժե­­­­­­­րով ասոնք կրնանք ընել, եթէ Կո­­­միտա­­­սին շունչը մեզ հետ չըլ­­­լար։ Կո­­­միտա­­­սը փա­­­փաք ու­­­նէր, որ հայ եր­­­գը աշ­­­խարհ իմա­­­նայ եւ առար աշ­­­խարհ ծա­­­նօթա­­­նայ այդ երաժշտու­­­թիւնով։ Ոնց որ մի ներ­­­քին պա­­­տաս­­­խա­­­­­­­նատո­­­ւու­­­թիւն, կա­­­րող է մենք ալ կ՚ու­­­զէինք Կո­­­միտա­­­սին դուրս հա­­­նենք այս 150 տա­­­րուայ լռու­­­թե­­­­­­­նէն։

Այդ չորս օրը այստե­­­ղէն այն տեղ պտը­­­տելով, հան­­­դի­­­­­­­պումնե­­­րով ան­­­ցուցինք։ Առաս­­­պե­­­­­­­լական եւ գերբնա­­­կան բան տե­­­ղի կ՚ու­­­նե­­­­­­­նար։ Երբ որ գա­­­ցինք Հնա­­­գիտու­­­թեան թան­­­գա­­­­­­­րան, տնօ­­­րէնը մեզ լսեց եւ հաս­­­տա­­­­­­­փոր ալ­­­պոմ մը բե­­­րաւ Կու­­­տի­­­­­­­նայի մա­­­սին։ Այս տա­­­րի Կու­­­տի­­­­­­­նայի մա­­­սին նոր ալ­­­պոմ, որ հրա­­­տարա­­­կուի, ինք շատ կ՚ու­­­զէ Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին գրո­­­ւի այդ գրքին մէջ։ Գրքին մէջ յի­­­շուած են նշա­­­նաւոր մար­­­դիկ, որ ապ­­­րել են եր­­­բե­­­­­­­ւէ Կու­­­տի­­­­­­­նայի մէջ։ Շատ երե­­­ւելի ան­­­ձե­­­­­­­րու անուննե­­­րը տե­­­սանք, բայց Կո­­­միտա­­­սի անու­­­նը եր­­­բե­­­­­­­ւէ գո­­­յու­­­թիւն չու­­­նէր։

Ին­­­քը ինձ հար­­­ցուց «Կա­­­րո՞ղ էք գրել Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին»։ Ես «Հար­­­կաւ կա­­­րող եմ» ըսի եւ խոս­­­տա­­­­­­­ցայ անգլե­­­րէն եւ թրքե­­­րէն եր­­­կու լե­­­զուով գրել։

Յե­­­տոյ զան­­­գե­­­­­­­լով ըսաւ որ իր հիւ­­­րե­­­­­­­րը կը փնտռեն Կո­­­միտա­­­սի տու­­­նը։ Որով­­­հե­­­­­­­տեւ իմ ըն­­­կե­­­­­­­րու­­­հի Ռի­­­թա Քու­­­յումճեանը Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին գիրք ու­­­նի, որին մէջ Կո­­­միտա­­­սի տու­­­նի նկարն ալ կար։ Թան­­­գա­­­­­­­րանի տնօ­­­րէնէն իմա­­­ցանք թէ Կու­­­տի­­­­­­­նային կու­­­սա­­­­­­­կալու­­­թիւնը կը փոր­­­ձէ կա­­­լուա­­­ծային փաս­­­տաթղթե­­­րով փաս­­­տել, թէ իս­­­կա­­­­­­­պէս որն է Կո­­­միտա­­­սի ծնած ու ապ­­­րած տու­­­նը։

Ան­­­շուշտ կա­­­րելի չէր «Կո­­­միտաս» անու­­­նով որե­­­ւէ ար­­­ձա­­­­­­­նագ­­­րութեան հան­­­դի­­­­­­­պիլ։ Կո­­­միտաս Սո­­­ղոմո­­­նի ստա­­­ցած հո­­­գեւո­­­րական անունն էր։ Իսկ ըն­­­տա­­­­­­­նիքը կը կո­­­չուէր Սո­­­ղոմո­­­նեան։ Խոր­­­հուրդ տո­­­ւի այս անու­­­նով որո­­­նել փաս­­­տաթղթե­­­րը։

Նա­­­խորդ օրը ես ու Պես­­­սէն ուղղուեցանք հայ­­­կա­­­­­­­կան թա­­­ղերը փնտռե­­­լու։ Անընդհատ շրջե­­­ցինք այդ թա­­­ղը, բայց տու­­­նը չգտանք։ Լու­­­սանկա­­­րը ու­­­նէինք մեզ հետ։

Գա­­­ցիք տե­­­սակ տու­­­նը ի՞նչ զգա­­­ցիք։

Մենք սկիզ­­­բէն մին­­­չեւ տու­­­նը գտնե­­­լը ամ­­­սուն 26-ին մտա­­­ծեցինք ինչպէ՞ս նշենք Կո­­­միտա­­­սին ծննունդը։ Ես Հա­­­յաս­­­տա­­­­­­­նէն խունկ, մոմ բե­­­րած էի այդ նպա­­­տակով։ Յա­­­տուկ պա­­­տարագ էի ձայ­­­նագրած, որ այստեղ լսենք։ Պա­­­տարա­­­գի այն մա­­­սը որ Կո­­­միտա­­­սի պա­­­տարա­­­գէն «Տէր Ողոր­­­մեան»էր։ Միասին բե­­­րած էի նաեւ Կո­­­միտա­­­սի եօթ-ութ եր­­­գե­­­­­­­րը որ ար­­­խի­­­­­­­ւում իրեն ձայ­­­նով մնա­­­ցած էր։ Մենք որո­­­շեցինք որ գտնենք այն եկե­­­ղեցին, որ Կո­­­միտա­­­սի հօ­­­րեղ­­­բայրը ու հայ­­­րը դպիր էին։ Գնա­­­ցինք գտանք փակ դար­­­պա­­­­­­­սը։ Դար­­­պա­­­­­­­սի այն կող­­­մը ինչ կը կա­­­տարո­­­ւէր արան­­­քէն նա­­­յեցինք՝ միայն շուն մը կար ըն­­­դա­­­­­­­մէնը եւ այն շու­­­նը մէկ ան­­­գամ իսկ չհա­­­չեց մեզ։ Մէկ ժամ այդ փակ դար­­­պա­­­­­­­սին ետեւ եղանք։ Մար­­­դու մը հետ ծա­­­նօթա­­­ցանք, այդ մար­­­դը զան­­­գեց տան տա­­­րած­­­քի տի­­­րոջը եւ հար­­­ցուց թէ կա­­­րելի է բա­­­ցեն դու­­­ռը, որ մենք տես­­­նենք։ Թոյլ չտո­­­ւաւ մար­­­դը։ Դար­­­պա­­­­­­­սի այս կող­­­մը մո­­­մերը վա­­­ռեցինք, խունկը ծխաց­­­րինք, «Տէր Ողոր­­­մեան» միացու­­­ցինք եւ յե­­­տոյ Պես­­­սէն եր­­­գեց։ Այդ ամէ­­­նը լու­­­սանկար­­­նե­­­­­­­րով կայ։

Յա­­­ջորդ օր առաջ­­­նորդո­­­ւեցանք դէ­­­պի մեր ման եկած տու­­­նը։ Բայց տա­­­կաւին վստահ չէինք թէ հաս­­­տա­­­­­­­տօրէն այս է Կո­­­միտա­­­սի ծնած ու ապ­­­րած տու­­­նը։ Նկա­­­տեցի որ այստեղ մար­­­դիկ այնքան ալ հիւ­­­րընկալ չեն։ Բայց նո­­­րէն ալ մեզ առաջ­­­նորդո­­­ղի խնդրան­­­քը չմեր­­­ժե­­­­­­­ցին եւ ար­­­տօ­­­­­­­նեցին որ ներս մտնենք ու նկա­­­րենք։

Յա­­­ջորդ օր հիւ­­­րա­­­­­­­նոցին մէջ ին­­­ծի հա­­­մար հրաշք մըն էր պա­­­տահա­­­ծը թա­­­կեցի Պես­­­սէի դու­­­ռը եւ գո­­­ռացի՝ «Վեր կա՛ց»։ Խեղճ Պես­­­սէն այս յան­­­կարծա­­­կիի դի­­­մաց սոս­­­կաց էր, պահ մը կար­­­ծած էր թէ կրկին երկրա­­­շարժ եղաւ Պո­­­լիս։ «Վեր կա՛ց, դուրս եկուր ու լսէ», կրկնե­­­ցի ես։ Պես­­­սէն շու­­­տով ելաւ սե­­­նեակէն եւ նոյն զար­­­մանքով լսե­­­ցինք Կո­­­միտա­­­սեան երաժշտու­­­թիւնը, որ պա­­­տած էր հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի բո­­­լորս սրահ­­­նե­­­­­­­րը, բո­­­լոր յար­­­կե­­­­­­­րը, բո­­­լոր նրբանցքնե­­­րը։ Պար­­­զո­­­­­­­ւեց որ հիւ­­­րա­­­­­­­նոցի տի­­­րոջ պատ­­­րաստած անակնկալն է։ Մեզ­­­մէ իմա­­­ցած էր Կո­­­միտա­­­սի մա­­­սին եւ հա­­­մացան­­­ցի մի­­­ջոցաւ ալ աւե­­­լի զար­­­գա­­­­­­­ցու­­­ցած իր գի­­­տելիք­­­նե­­­­­­­րը։

Ես ուխտս կա­­­տարած եմ եւ Կո­­­միտաս ծննդեան 150-ամեակին կ՚եր­­­գէ իր ծննդա­­­վայր քա­­­ղաքին մէջ։

*

Փանոս Թերլեմեզեանը Կուտինա Կոմիտասի հետ գացած է եւ հոն նկարած է Կոմիտասը։ Ես որ պատմեցի ասոր մասին իրենք շատ ուրախացան ու ըսի, որ մենք կը նուիրենք այդ նկարեն անոնց։ Կոմիտասը բացի որ ծնուել է տարիներ ետք վերադարձած է Կուտինա իր տունը այցելելու։ Ինք 10-11 տարեկանին Կուտինայէն ելած գացած է Էջմիածին եւ վերադարձած է իր երկիրը։ Թոմրիսը որ քայլ առ քայլ Պեսսէին գտաւ ան մի օր ինձ հարցուց քու կարծիքով ի՞նչ չափանիշ կայ որ մարդուն հայ ըսես։ Ես ըսի որ ինձ համար միակ չափանիշը որ ինքը հայ է՝ ինքը Կոմիտաս լսում է, թէ ոչ։ Իմ չափանիշը հայի այդ է։

Ինծի կը հարցնէին ինչո՞ւ կ՚երթաս Կուտինա։ Չեմ կրնար, ես անպայման մի օր այդ պէտք է ընէի։ Ես պէտք է Կուտինան տեսնէի։ Տեսնեմ Կոմիտաս որտեղ է ծնուել կ՚ըսէի։

lusyenkopar81@hotmail.com

Լուսանկար՝ Իշխան Էրտինչ

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/23142/ukhdi-daryetarts-gudinahi-mech