Նոր Յաղթանակ՝ Հայուն…Պարտութիւն Մը Եւս Թուրքիոյ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Ս. Մահսէրէճեան

Հայուն արդար դատը Երեքշաբթի, 29 Հոկտեմբերին կարեւոր յաղթանակ մը եւս արձանագրեց, երբ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տունը 11-ի դէմ 405 քուէով որդեգրեց թիւ 296 բանաձեւը, պարտութեան մատնելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքող ու անոր պատմական ճշմարտութիւնը թաղելու ձգտող Թուրքիոյ պետութեան հազար ու մէկ լարախաղացութիւնները։

Ամերիկացի ժողովուրդին ներկայացուցիչներուն կողմէ այս բանաձեւին որդեգրումը կրկնակիօրէն կարեւոր է, մանաւանդ եթէ աչքի առջեւ ունենանք քուէարկութեան պատկերը։ Ոչ-արհամարհելի մանրամասնութիւն մըն է, որ բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեցին թէ՛ դեմոկրատներ եւ թէ հանրապետականներ։ Սա նոր յառաջընթաց է մեր Դատի ճանաչման ճամբուն վրայ. նախընթացները արձանագրուած են՝ ամերիկեան գրեթէ բոլոր նահանգներուն կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու որդեգրումով։ Աւելին, եւ ինչպէս կը հաղորդէ Հայ Դատի գրասենեակէն լոյս տեսած հաղորդագրութիւնը, այս բանաձեւը խարանող ամբաստանութիւն մըն է, ուղղուած՝ Թուրքիոյ, որ կը փորձէ ինքզինք անպարտ հռչակել հայերու, յոյներու, ասորիներու, մարոնիներու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու դէմ ցեղասպանութեան յանցանքէն։ (Թուրքիա անցեալին ու այսօր իսլամ քիւրտեր կը ջարդէ…)

29 Հոկտեմբերի քուէարկութիւնը յաւելեալ փաստ մըն է, որ պատմական ճշմարտութիւնները չեն կրնար թաղուիլ, արդար դատերը անպայման կը յաղթանակեն, երբ կայ իրաւատէր մը, որ չի հրաժարիր իր դատէն, տրամադիր չէ հազար ու մէկ կողմնակի հաշիւներով սակարկութեան դնելու իր արդար ու անվիճելի իրաւունքները։

Ձեռք բերուած այս յաղթանակին մէջ, եթէ առաջին դրօշակիրները եղան Հայ Դատի գործիչները եւ անոնց հետ սերտօրէն գործակցող ներկայացուցիչներ, բնականաբար գնահատանքի արժանի են բոլոր՝ 405 քուէարկողները, բայց մանաւանդ մեր ժողովուրդը, որ վերջին օրերուն, ընդառաջելով Հայ Դատի յանձնախումբի կոչերուն, իր կենսական դերը ունեցաւ ներկայացուցիչները դէպի արդար որոշում մղելու մէջ։ Անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ, որ մեր Դատը միայն որոշ յանձնախումբի մը, պետական կառոյցներու եւ մասնագիտական միաւորներու կալուածին մէջ չէ սահմանափակուած, այլ անոր տէրն է մեր ժողովուրդը։ Աւելի՛ն, բոլորս ականատես եղանք, որ մեր Դատին հետապնդումը կարելի է կատարել տարուան որեւէ մէկ հանգրուանին, եւ ո՛չ միայն Ապրիլ 24-ին։ Կը մնայ, որ աշխատանքը շարունակենք նոյն թափով, գործնապէս զօրակցինք Հայ Դատի դրօշակիրներուն, ի հարկին շրջահայեացութեամբ օգտուինք շրջանային ու միջազգային բարենպաստ հովերէն, որպէսզի ճանաչումը տարածուի նա՛եւ գործադիր իշխանութեան ոլորտ։

Յաղթանակը անկասկած որ գոհունակութեամբ ընկալուեցաւ հայութեան կողմէ, Սփիւռքի տարաքին ու Հայաստանի մէջ։ Մեր երթը կտրեց կարեւոր հանգրուան մը, սակայն կանգ պիտի չառնենք հոս, այլ պիտի շարունակենք՝ մինչեւ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆի իրականացումը, 100-ամեայ աւանդ մը, զոր ժառանգ ստացած ենք Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութենէն։ Սա նաեւ հրաւէր է տարածելու ճակատագրակից-լծակիցներու հետ գործակցութիւնը։