Ի՞նչ է «Հայկական Ջոկատ»ը, որ կը Գործէ Սուրիոյ Հիւսիսային Շրջանին Մէջ

Աշխարհ

ԵՌԱԳՈՅՆ.- Հայաստանեան լրատուամիջոցները յաճախ կը ներկայացնեն՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ գործող զինուած խումբ մը, զայն անուանելով «Հայկական ջոկատ»։

Ի՞նչ է յիշեալ խմբաւորումը։

Ոչ Սուրիացի երկու-երեք հայորդիներ՝ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ, կազմած են զինեալներու երկսեռ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն՝ ցեղասպանութեան օրերուն քրտացած հայերու զաւակներ, ինչպէս նաեւ արաբներ եւ քիւրտեր։ Հիմնադիր անդամներէն Նուպար Օզանեանը զոհուելէն ետք, խումբը կոչուած է անոր անունով։ Խումբը որեւէ առնչութիւն չունի տեղի հայ համայնքին հետ։