Երեւանի Մէջ Սկսաւ Համաշխարհային Նորարարութեան 2-րդ Համաժողովը

Հայաստան

Երեւանի մէջ այսօր սկսաւ «Համաշխարհային նորարորութիւններու համաժողով-2019. Փոխակերպելով բանականութիւնը» (Global Innovation Forum (GIF) եռօրեայ 2-րդ համաժողովը, որուն հեղինակ-կազմակերպիչը Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամն է (FAST):

Global Innovation Forum-ը (GIF) պիտի ուսումնասիրէ արհեստական բանականութեան ազդեցութիւնը գիտութեան եւ հասարակութեան վրայ` գիտական, արհեստագիտական եւ արդիւնաբերական տեսանկիւնէ:

Համաժողովը այս տարի պիտի հիւրընկալէ գիտնականներ եւ առաջատար մասնագէտներ հեղինակաւոր խոշոր ընկերութիւններէ` Google, Facebook, Microsoft, Flagship Pioneering, ինչպէս նաեւ Ալապամայի, Թել Աւիւի, Հարվըրտի, Սթենֆորտի, Պերքլիի համալսարաններէն, Մասաչուսէթսի գիտարուեստական համալսարանէն:

 «21-րդ դարուն հայերը պիտի ըլլան համարկումի հիմնական տարրերէն մէկը»,- յայտարարած է Հայաստանի գիտութեան եւ արհեստագիտութիւններու հիմնադրամի (FAST) համահիմնադիր Ռուբէն Վարդանեան:

Անոր խօսքով` ապագային հայերը օգուտ պիտի քաղեն ստեղծագործ մտքերէ եւ հայկական «ցանցէն. այն ամենահզօր դրամագլուծներէն մէկն է, զոր կրնանք ապագային օգտագործել:

 «Կեանքի իմաստի մասին հարցերու պատասխանները գտնելու համար 21-րդ դարուն անհրաժեշտ է ապրիլ այնպիսի էքոհամակարգի մէջ, ուր մարդը կը զարգանայ մասնագիտական եւ անձնական մակարդակի վրայ: Մենք նոյն այդպիսի էքոհամակարգ կը կառուցենք Հայաստանի մէջ»,- աւելցուցած է Վարդանեան:

 ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուցած է կառավարութեան մշակած նոր ծրագիրը.

 «Մշակած են շատ հաւակնոտ ծրագիր մը, որ իր գագաթնակէտին պիտի հասնի 2020-ի Հոկտեմբեր 10-ին: Այդ օրը մենք կը ծրագրենք Հայաստանի մէջ տնկել 10 միլիոն ծառ: 10-րդ ամսուն 10-րդ օրը, որ կը խորհրդանշէ 10 միլիոն հայութեան միասնութեան խորհրդանիշը հայութեան եւ Հայաստանի շուրջ»: