Սուրիոյ, Լիբանանի Եւ Իրաքի Դեսպանատուներէն Պիտի Շարունակուի Անցագիրի Ստանձնումը

Հայաստան, Սփիւռք

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը փոփոխութիւն կատարեց իր որոշումին մէջ, որպէսզի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութիւններէն եւ հիւպատոսական հիմնարկներէն առաջին անգամ Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր կարելի ըլլայ ստանալ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2019:

Ըստ “Արմէնփրես”-ի՝ կառավարութեան Հոկտեմբեր 10-ի նիստին նախագիծը ներկայացուց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աւետ Ադոնց, որ նշեց, թէ նախապէս տրուած կառավարութեան որոշումով տուեալ երկիրներու Հայաստանի դեսպանութիւններուն կամ հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ անցագիր կարելի էր ստանալ մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2018, սակայն նկատի ունենալով յիշեալ պետութիւններուն մէջ տիրող ներքին իրավիճակն ու շարունակուող լարուածութիւնը՝ անհրաժեշտութիւն ծագած է երկարաձգել վերոնշեալ գործողութեան ժամկէտը, որպէսզի Սուրիա, Իրաք եւ Լիբանան բնակող քաղաքացիները շարունակեն կարելիութիւն ունենալ առաջին անգամ Հայաստանի քաղաքացիի անցագիր ստանալ դեսպանութիւններուն ու հիւպատոսական հիմնարկներուն մէջ: Նախագիծով կ՛առաջարկուի որոշումին գործողութեան ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 31 Դեկտեմբեր 2019։