Արամ Ա. Մօտէն Կը Հետեւի Սուրիոյ Իրադարձութիւններուն

Սփիւռք

Վերջին օրերուն, լրատուական միջազգային միջոցները կեդրոնացած են Սուրիոյ հիւսիսային շրջանին մէջ թրքական բանակային միաւորներու յառաջխաղացքին եւ անոր յառաջացուցած մարդկային ու ֆիզիքական վնասներուն վրայ:

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը մնայուն կապի մէջ է Ճեզիրէի Հայոց թեմի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղ. Եղիայեանին հետ: Հայր սուրբը մանրամասն կերպով տեղեակ կը պահէ վեհափառը զանազան շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն մասին:

Գամիշլիի հայահոծ շրջանին անմիջական վտանգ չի սպառնար, իսկ թրքական ներխուժումին անմիջականօրէն ենթակայ դարձած գիւղերը կը պարզեն հետեւեալ պատկերը. Թել Ապյատի մէջ կան 15 ընտանիքներ, Ռաս Ուլ Այն՝ 2, Տերիք՝ 60 եւ Հասիչէ՝ 70:

Նկատի ունենալով ստեղծուած կացութեան զգայուն հանգամանքը եւ շրջանին մէջ հայութեան փոքրաթիւ ներկայութիւնը եւ զանազան խմբաւորումներով շրջապատուած ըլլալը՝ անհրաժեշտ է, որ հայ լրատուական միջոցները, ինչպէս նաեւ անհատներ, հեռու մնան իրողութիւններ եւ թիւեր մատնանշելէ ու մեկնաբանութիւններ կատարելէ: Այս հանգրուանին շրջանին մեր ժողովուրդին ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ առաւելագոյն չափով անոնց աջակցութիւնը կը նկատենք հրամայական:

Յայտնենք, որ կաթողիկոսը որոշ գումար մը դրած է հայր սուրբին եւ Գամիշլիի թաղականութեան տրամադրութեան տակ, որպէսզի վերոյիշեալ շրջաններուն մէջ գտնուող կամ հեռացած նիւթական կարիք ունեցող ընտանիքներուն անհրաժեշտ օժանդակութիւնը կատարուի: