Հայ Մարզիկը, Որ Քանի Մը Օր Առաջ Մենամարտի Ժամանակ Գրեթէ Խեղդած էր իր Թուրքը Մրցակիցը, Յաղթանակի Ամբողջ Գումարը Տրամադրած է Անոր Բուժման

Այլեւայլ, Հայաստան

Ռուսահայ Ռաֆայէլ Աբրահամեան քանի մը օր առաջ Սամարայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցած խառն մենամարտերու «Կորիլլա ֆայթինկ Չեմփիընշիփ-18»-ի մրցաշարքի ծիրին մէջ խեղդող հնարքով մը յաղթած էր իր թուրք մրցակիցին՝ Պաթուհան Աքտումանին, խոստովանած է, որ յաղթանակի ամբողջ գումարը տրամադրած է անոր բուժումին:

Լրատու աղբիւրներ յայտնեցին, որ այս մենամարտէն առաջ Աքտուման խոստացած էր Թուրքիա տանիլ Աբրահամեանի գլուխը, իսկ հայ մարզիկը յայտարարած էր, թէ պիտի կոտրէ Աքտումանի ծնօտը: