Թուրքերը Հիմա Ալ Թրամփի Օրհնութեամբ Քիւրտերու Ցեղասպանութիւն Կ’իրականացնեն

Այլեւայլ, Սփիւռք

Ամերիկահայ յայտնի երգչուհի Շեր (Շերիլին Սարգսեան) անդրադարձած է Սուրիոյ հիւսիսը Թուրքիոյ ռազմական յարձակումներուն, յիշեցրել նոյն թուրքերուն կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան մասին:

«Ես լսած եմ արեան ծարաւ թուրքերու մասին, որոնք տանջած եւ սպաննած են մօտ 2 միլիոն հայեր, երբ 11 տարեկան էի:  Այդ մասին լսեցի նաեւ Հայաստանի մէջ: Թուրք զինուորները մինչեւ հիմա ալ ծարաւ են արեան: Հիմա ալ անոնք քիւրտերու ցեղասպանութիւն կ’իրականացնեն Թրամփի օրհնութեամբ»,- Twitter-ի իր էջին վրայ գրած է աշխարհահռչակ երգչուհին:

Անոր գրութեան տակ օգտատէրերը շնորհակալութիւն յայտնած են քիւրտերուն հարցը բարձրաձայնելու եւ համերաշխութեան համար: