Ալիեւի Խօսքերը Անյարգալից Են Հայ Ժողովուրդին եւ ԱՊՀ Երկիրներու Ղեկավարներուն Նկատմամբ. Փաշինեան

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թուրքմէնստանի մէջ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին արձագանգած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Իլհամ Ալիեւի ելոյթին մէջ պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձեր կան:

«Ցաւօք, Իլհամ Ալիեւի խօսքին մէջ մենք այդպիսի փորձեր տեսանք: Լսելով անոր գնահատականները Գարեգին Նժդեհի մասին` ճիշդ ըսեմ, յիշեցի խորհրդային յայտնի «Կովկասի գերուհին» ֆիմը. երբ այնտեղ կը խօսուի հինաւուրց ամրոցի աւերակներու մասին, եւ հարց կը հնչէ` իսկ ի՞նչ է, եկեղեցին նոյնպէս ե՞ս աւերած եմ: Իլհամ Ալիեւի խօսքէն այնպիսի տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ ընդհանրապէս այդ պատերազմին Հիթլերը երկրորդական դերակատարութիւն ունեցած է, եւ նացիստական շարժման ղեկավարը եղած է Գարեգին Նժդեհը: Իսկ իրականութիւնը այն է, որ Գարեգին Նժդեհը կը պայքարէր Հայաստանի` թրքական գրաւումին դէմ, կը պայքարէր հայերու ցեղասպանութեան դէմ, որ կազմակերպած էին թուրքերը»,-ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան: Անոր խօսքով, իրականութիւնը այն է, որ Գարեգին Նժդեհը, ի դէպ, ռուսական շատ սպաներու հետ, 1918-ին կը ղեկավարէր ռազմաճակատի շատ կարեւոր հատուածը հայ-թրքական պատերազմի ժամանակ: Փաշինեան եւս մէկ անգամ ընդգծեց, որ շատ կարեւոր է, որպէսզի իմանանք պատմութեան առարկայական գնահատականը:

«Կ՛ըսուի, որ Գարեգին Նժդեհը մահացած է Վլատիմիրի բանտին մէջ: Խորհրդային շատ գործիչներ մահացած են Վլատիմիրի բանտին մէջ, Ալեքսանդր Սոլժենիցինը եղած է Կուլակի մէջ, եւ ի՞նչ, բոլոր անոնց, որոնք դատապարտուած եղած են 1937-1950-ական թուականներուն, մենք կը համարենք ժողովուրդի թշնամինե՞ր: Եթէ այդպէս է, ապա ականաւոր շատ գործիչներ դատապարտուած եղած են եւ իրենց կեանքի վերջին օրերը բանտին մէջ աւարտած: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ մենք պէտք է այս ամէնը որպէս փաստ ընդունինք: Եւ ես անտեղի, անհարկի կը համարեմ պատմութիւնը աղաւաղելու, բաւական կարեւոր այս նիստի մթնոլորտին մէջ որոշակի լարուածութիւն մտցնելու նպատակով այս ձեւաչափի օգտագործումը»,-աւելցուցած է ան:

Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ պատերազմի վեթերաններուն. ընդամէնը քանի մը ամիս առաջ կրկնապատկուած է  Հայրենական Մեծ պատերազմի բոլոր վեթերաններուն տրուող ընկերային նպաստները:

«Մեր կողմէ այսօր ստորագրուելիք Հռչակագրէն կը ցանկայի, մասնաւորապէս, առանձնացնել այն հատուածները, որոնք կ՛ընդգծեն համատեղ ջանքերու անհրաժեշտութիւնը միջազգային լայն երկխօսութեան վերականգման ուղղութեամբ` միտուած միջազգային անվտանգութեան ամրապնդման եւ ընդդէմ բաժանարար գիծերու, անվստահութեան, լարուածութեան եւ առճակատման ձեւաւորման նպաստող գործողութիւններուն: Եւ կը կարծեմ, որ նաեւ այսպիսի գագաթաժողովներու մէջ մենք պէտք է հնարաւոր ամէն ինչ ընենք, որպէսզի մեր ժողովուրդներու, մեր երկիրներու միջեւ լարուածութիւնը ոչ թէ աճի, այլ, հակառակը, մենք կարենանք գտնել երկխօսութեան, փոխադարձ զիջումի, փոխադարձ վստահութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ուղիներ: Կը կարծեմ, որ Ատրպէյճանի նախագահին խօսքերը առաջին հերթին անյարգալից են հայ ժողովուրդին համար: Եւ կը կարծեմ, որ ատիկա անյարգալից է նաեւ երկիրներու ղեկավարներուն եւ այն ժողովուրդներու նկատմամբ, զորս անոնք այստեղ կը ներկայացնեն»,-ըսած է ան: