Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Ուշադիր Կը Հետեւի Իրադարձութիւններուն

Աշխարհ, Սփիւռք

Երէկ երեկոյեան, անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիա ներխուժելու լուրին, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան ըսած է, թէ ատիկա անընդունելի է, եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը շարունակէ իր յարաբերական կապերը որոշումի կեդրոններուն հետ, թրքական ներխուժման ժխտական անդրադարձը շրջանի հայ, ասորի, եզիտի եւ իսլամ ժողովուրդներու վրայ ցոյց տալու համար:

Արամ Համբարեան ըսած է, թէ ատիկա Թրամփի վարչակազմին անմիտ քաղաքականութեան եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջանէն քաշուելու քաղաքականութեան պատճառով է:

«Ի մտի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան շարունակուող հետեւանքները, ներառեալ` անոնք, որոնք կը վտանգեն Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ արեւմտահայ բնակչութեան մնացորդացը, մենք կը միանանք Քոնկրեսի զոյգ պալատներէն ծերակուտական Լինտսի Կրահամի, Քրիս Վան Հոլլընի եւ այլոց, զօրակցելով երկկուսակցական օրէնքի մշակումի` Թուրքիոյ վրայ պարտադրելու ամէնէն ծանր պատժամիջոցները` Ամերիկայի քիւրտ դաշնակիցներուն դէմ կատարուած յարձակումին համար»,- նշեց Համբարեան: