Հայաստանը Մասնակցած է Փարիզի B2B Ձեւաչափով Ամենամեծ Զբօսաշրջային Ցուցահանդէսին

Աշխարհ, Հայաստան

ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան Զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ Հոկտեմբեր 1- 4  Հայաստանը ներկայացուած է Փարիզի IFTM Top Resa 2019 միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին՝ 14 զբօսաշրջային ընկերութիւններու մասնակցութեամբ:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ  ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը, 1979 թուականէն ի վեր տեղի ունեցող այս ցուցահանդէսը Ֆրանսայի` B2B ձեւաչափի ամենամեծ զբօսաշրջային ցուցահանդէսն է, որուն այս տարի մասնակցած են ոլորտի աւելի քան 34 000 մասնագէտներ, որոնց շարքին՝ օդակայաններու, օդափոխադրող ընկերութիւններու, հիւրանոցներու, զբօսաշրջային ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ:

Ցուցահանդէսի ընթացքին զբօսաշրջային ընկերութիւնները բազմաթիւ հանդիպումներ եւ քննարկումներ ունեցած են գործընկերներու հետ` գործարար կապերը ամրապնդելու եւ պայմանագիրներ կնքելու նպատակով:

Զբօսաշրջութեան կոմիտէի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցած են յայտնի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչերու եւ պլոքըրներու հետ: Համաձայնութիւն ձեռք բերուած է 2020-ին իրականացնել  շարք մը յայտնի լրատուական ընկերութիւններու եւ քանի մը հարիւր հազար հետեւորդ ունեցող պլոքըրներու ճանաչողական այցեր Հայաստան:

Միջազգային ցուցահանդէսներուն Հայաստանի մասնակցութիւնը կը նպաստէ երկիրը ճանաչելի դարձնելու եւ կ՛օգնէ մասանուոր ընկերութիւններուն նոր գործարար կապեր ստեղծելու: Այս տարի կը նախատեսուի նաեւ ապահովել Հայաստանի մասնակցութիւնը  Սինկափուրի եւ Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք ցուցահանդէսներուն: