Ալեքսիս Օհանեան Կ՛ուզէ Հայաստանի Մէջ Ներդրումներ Կատարելու Եղանակներ Գտնել

Հայաստան, Սփիւռք

 Ամերիկահայ գործարար, Reddit կայքի եւ Initialized Capital-ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեան «WCIT-2019» տեղեկատուական արհեստագիտութեան համաշխարհային համաժողովին արտասանած իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ այս մարզին մէջ Հայաստանի ներուժը օրէ օր կ՛աճի, եւ որ Հայաստանի մէջ կան լաւ արհեստագիտական ձեռներէցներ, մեծ ընկերութիւններ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ նման կարեւոր համաժողով մը կը գումարուի Հայաստանի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ “Արմէնփրես”-ը։

Օհանեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ճատրակի ուսուցումը՝ նկատել տալով, որ անիկա աշակերտներուն միտքը կը զարգացնէ ծրագրաւորումը շուտ ընկալելու։ «Եթէ կը փափաքինք զարգացնել Հայաստանի տնտեսութիւնը, մենք պէտք է զարգացնենք արհեստագիտական կրթութիւնը, որ ամէն ինչի հիմքն է», ըսաւ ան։

Ալեքսիս Օհանեան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կ՛ուզէ գտնել ներդրումներ կատարելու եղանակներ։ Ըստ անոր՝ 2010ին, երբ առաջին անգամն եկած է Հայաստան, համացանց ունենալու համար անհրաժեշտ էր USB, զոր պէտք էր անընդհատ լիցքաւորել, իսկ այժմ արդէն գրեթէ ամբողջ Հայաստանի մէջ համացանցի մատչելի հասանելիութիւն ունին, ինչ որ իր հերթին հասանելիութիւն կու տայ աշխարհի լաւագոյն գաղափարներուն:

«Կը կարծեմ, թէ ասիկա շատ լաւ ժամանակ է Հայաստանի համար, որ ունի շատ բարդ դրացիներ, շրջափակուած է, չունի բնական պաշարներ, բայց որ այս անգամ ունի հիանալի կարելիութիւն, քանի որ մարդկային տաղանդը, որ միշտ ալ առկայ եղած է այս երկրին մէջ, առիթ կու տայ բարգաւաճելու ու դառնալու մասնիկ այս համաշխարհային ուղեղին՝ համացանցի ու ծրագրակազմի միջոցով», ըսաւ Ալեքսիս Օհանեան ու խորհուրդ տուաւ երիտասարդներուն՝ ներգրաւուելու ծրագրաւորման մէջ: