Իրանի Կողմէ ՄԱԿ-ի Խաղաղութեան Դեսպան Կը Նշանակուի Լորիս Ճգնաւորեան

Աշխարհ, Սփիւռք

Յայտնի երաժշտահան, խմբավար եւ նկարիչ, Իրանի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկած են դառնալ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: Այս մասին, ըստ Armedia.am-ի, կը հաղորդէ ԻՌՆԱ գործակալութիւնը:

Չորեքշաբթի, ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան աջակցութեամբ, Թեհրանի մէջ կայացած է խաղաղութեան միջազգային օրուան նուիրուած «Աշխարհի մշակոյթը» խորագիրով ձեռնարկը:

Այդ ձեռնարկին՝ Իրանի մէջ Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն Մարիա Տոցենքոն ընթերցած է ՄԱԿ-ի գործադիր տնօրէնի ուղերձը խաղաղութեան օրուան առիթով:

Նոյն ձեռնարկին ընթացքին՝ գեղարուեստական եւ մարդասիրական գործունէութեան 70-ամեայ փորձ ունեցող Լորիս Ճգնաւորեանին առաջարկուած է դառնալ ՄԱԿ-ի բարի կամքի եւ խաղաղութեան դեսպան Իրանի կողմէ: